«Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի 5րդ կարգի աշակերտները երէկ «Ասպարէզ»ի հիւրերն էին: Անոնք խմբագրին հետ քննարկեցին օրուան լուրերու առաջնահերթութիւնը եւ «Արմէնփրէս»էն ստացուած այս հաղորդագրութիւնը, որ կրնար լոյս տեսնել ներսի էջերէն մէկուն վրայ, սակայն իրենց որոշումով գրաւեց առաջին էջի այս պատուաւոր տեղը: Ստորեւ՝ լուրը.
Երեւանի մէջ, Փետրուար 17ին մեծ շուքով նշուեցաւ Մայրենի լեզուի տօնը, որ կազմակերպուած էր սփիւռքի նախարարութեան «Մեր լեզուն մեր հայրենիքն է» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բացման իր խօսքին մէջ նշեց, որ տօնը մեծ խորհուրդ ունի։ «Մենք հպարտ ենք մեր Մայրենիով եւ նրան տուել ենք այդ սուրբ անունը՝ «մայր»: Պէտք է օգտագործել մեր մայրենին՝ զգալով ու սիրելով, եւ անաղարտ պահենք այն օտարաբանութիւններից», նշեց նախարարը: Անոր խօսքով, հայ ժողովուրդը գոյատեւած է իր լեզուին շնորհիւ. սերունդները պէտք է հարստացնեն զայն: Ըստ նախարարին, հայոց լեզուն է նաեւ, որ կ՛ամրապնդէ Հայաստան-Սփիւռք կապը: «Ես կարծում եմ՝ հայերէնը մեր բոլորի հոգում է, սրտում, եւ այն ամէն օր մեզ համար տօն է ստեղծում», յայտնեց նախարարը:
Նաեւ, Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մայրենի լեզուով խօսիլն ու ապրիլը սուրբ գործ է, եւ հայերէնով հնչող իւրաքանչիւր բառ՝ հոգիի կտոր մըն է: «Եթէ քիչ ես խօսում մայրենի լեզուով, ուրեմն կիսատ մարդ ես՝ նման ծառից պոկուած մի տերեւի, որին քամին հեշտութեամբ կը քշի: Ես վստահ եմ, որ մեր երեխաները այդպիսի տերեւի չեն նմանուելու, քանի որ ունենք հզօր ուսուցչական բանակ», նշեց Գ. Սողոմոնեան:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, իր կարգին նշեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծած է մեր ամենահզօր զէնքը՝ հայոց այբուբենը, որուն շնորհիւ հայ ազգը բազում յաղթանակներ տարած է:
Մայրենի լեզուի անաղարտութեան գործին մէջ իրենց ունեցած մեծ աւանդին համար, սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով պարգեւատրուած են Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտներ Ռուբէն Մաթեւոսեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Պետրոս Բեդիրեան, վաստակաշատ մանկավարժ Ճեմա Անանեան, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան, արուեստաբան, հրապարակախօս Ռոբերտ Դաւթեան, գրող-հրապարակախօս Սուրէն Մուրադեան, «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանի «Հորիզոն» լրատուական ծրագրի ղեկավար Նուէր Մնացականեան եւ ասմունքող Վերգինէ Սահակեան:
Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրուեցաւ նաեւ պատկերասփիւռի լրագրող Արփէն Մովսիսեան: