«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Սիրելի՛ հայրենակից,
Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, 10 Հոկտեմբեր 2009ին Ցիւրիխի մէջ, երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ստորագրուելէ ետք, այժմ կը սպասեն երկու երկիրներու խորհրդարաններու վաւերացման:
Իրենց ներկայ բովանդակութեամբ, այդ արձանագրութիւնները կը բաւարարեն Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի առջեւ դրուած երկու նախապայմաններ՝ հրաժարիլ Թուրքիայէն որեւէ հողային պահանջ ունենալէ եւ փաստօրէն՝ հրաժարիլ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպատակէն: Իսկ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը կը բաւարարէ Թուրքիոյ երրորդ նախապայմանը՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պայմանաւորել Արցախի հիմնահարցով:
Այս պատճառներով, մենք մեր բոլոր օրինական միջոցները ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի առաջքը առնենք այս արձանագրութիւններու վաւերացումին:
Այս վտանգները կանխելու համար, սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ՛ընենք ձեզի, ձեր բողոքի ձայնը բարձրացնելու եւ դիմելու Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն՝ այս արձանագրութիւնները այս բովանդակութեամբ չվաւերացնելու պահանջով:
Ստորեւ երեւցող բաժինին մէջ գրեցէք ձեր անունը, ելեկտրոնային հասցէն, քաղաքն ու երկիրը, սեղմեցէք ՈՒՂԱՐԿԷ՛ կոճակին վրայ, եւ ձեր անունով, Ազգային ժողովի իւրաքանչիւր անդամ կը ստանայ հետեւեալ նամակը.
http://notoprotocols.net/
ԴԻՄՈՒՄ
ՀՀ Ազգային Ժողովի յարգելի պատգամաւոր,
Գիտակցելով Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ շրջափակումը վերացնելու կարեւորութիւնը՝ անընդունելի եմ համարում այս խնդիրների լուծումը մեր պետական ու ազգային շահերից եւ անժամանցելի իրաւունքներից հրաժարուելու հաշուին:
Հանգամանքների բերումով Հայրենիքից դուրս բնակուող, բայց որպէս Հայրենիքի խնդիրներով տագնապող հայ, պահանջում եմ Ձեզնից՝ հայ ժողովրդի ընտրեալից, պահպանել հայ ժողովրդի եւ մեր պետութեան շահերն ու արդար իրաւունքները, եւ ՀՀ Ազգային ժողովում դէմ քուէարկել Հայաստանի հանրապետութեան եւ Թուրքիայի հանրապետութեան արտգործնախարարների կողմից 2009թ. Հոկտեմբերի 10ին ստորագրուած արձանագրութիւնների վաւերացմանը:
Յարգանքներով՝
«Ասպարէզ» կը դիմէ իր բոլոր ընթերցողներուն ու անոնց միջոցաւ իրենց ընտանիքի անդամներուն ու բարեկամներուն՝ ընդառաջելու նամակագրական այս արշաւին մասնակցելու մեր կոչին: