Պելոռուսի Մինսկի մարզի Մոլոտեչնօ շրջանի Ռատաշքովիչ բնակավայրին մէջ, Փետրուար 12-14 կայացած է Պելոռուսի հայկական երիտասարդական «Միասին» երկրորդ փառատօնը՝ Պելոռուսի հայ գործարարներու ակումբին աջակցութեամբ:
Փառատօնին մասնակցած են շուրջ իննսուն հայ երիտասարդներ՝ Պելոռուսի տարբեր մարզերէն: Ձեռնարկին ծրագիրը ընգրկած է երգի, պարի, մարմնային եւ մտային մարզանքի մրցումներ: Պելոռուսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան յատուկ մրցանակին արժանացած է «Պրէյն ռինկ» մրցումին յաղթող Մինսկի «Կարգին» խումբը:
Նշելի է, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուած սոյն փառատօնը անփոխարինելի հարթակ է՝ հայապահպանման եւ պելոռուսահայ երիտասարդներու առաւել համախմբման առումով:
Արդարեւ, 2009ին կայացած առաջին փառատօնին ընթացքին իրարու հետ ծանօթացած Պելոռուսի տարբեր քաղաքներ բնակող հայ երիտասարդներէն երեք զոյգ արդէն ամուսնացած է, իսկ այլ երկու զոյգեր այժմ նշանուած են: