ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ֆինանս» ամսագիրը հրապարակեց Ռուսիոյ 2010ի 500 մեծահարուստ միլիառատէրերու վարկանշային ցանկը, որուն համաձայն, Ռուսիոյ ամենահարուստ մարդն է՝ Նովոլիպէցք քաղաքի երկաթի գործարանի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Լիսին՝ 18.8 միլիառ տոլարով։ Ցանկը կ՛ընդգրկէ նաեւ հայազգի գործարարներ։ Ընդհանուր առմամբ, վարկանշային ցանկին վրայ կան 500 գործարարներ, որոնց նիւթական կարողութիւնը, ամսագիրին գնահատումով, կը գերազանցէ 3.3 միլիառ ռուպլին։
Այսպէս, 91րդ տեղը կը գրաւէ «Ռոսկոսսթրախ» ապահովագրական ընկերութեան համասեփականատէր Դանիէլ Խաչատուրովը )ծնեալ 1971ին), որուն նիւթական կարողութիւնը գնահատուած է 790 միլիոն տոլարով )23.9 միլիառ ռուպլի)։ Իր եղբայրն ու գործընկերը՝ Սերկէյ Խաչատուրովը, կը գրաւէ 92րդ տեղը։ Վերջինին կարողութիւնը նոյնպէս գնահատուած է 790 միլիոն տոլարով։
93րդ եւ 94րդ տեղերը նոյնպէս կը գրաւեն հայազգի գործարարներ՝ ռուսական «Ռէսսօ կարանթի» մեծ ապահովագրական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Նիքոլայ Սարգիսովը )ծնեալ 1966) եւ իր եղբայրը Սերկէյ Սարգիսովը )ծնեալ 1959ին), որոնցմէ իւրաքանչիւրին կարողութիւնը գնահատուած է 780ական միլիոն տոլարով։
«Տաշիր» խումբի նախագահ եւ հիմնական բաժնետէր Սամուէլ Կարապետեան )ծնեալ 1965ին) կը գրաւէ 139րդ տեղը. իր հարստութիւնը կը կազմէ 580 միլիոն տոլար։
«Թրոյկա տիալոկ» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ հիմնական բաժնետէր Ռուբէն Վարդանեան )ծնեալ 1968ին), կը հանդիսանայ 209րդը՝ 390 միլիոն տոլարով։
Վերջապէս, 479րդ դիրքին վրայ է «Սան Ինվէսթմընթս Փարթնըրզ» ընկերութեան համասեփականատէր Ատոմ Խաչատրեանը )ծնեալ 1975ին), որուն հարստութիւնը կը կազմէ 110 միլիոն տոլար )3.3 միլիառ ռուպլի)։