ՊՐՈՒՔԼԻՆ.- ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած յարանուանութիւններու հետ հանդիպումներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, Փետրուար 3ին, Կեդրոնական կոմիտէէն ներկայացուցչութիւն մը հանդիպեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի (Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ եւ Գանատա) Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մանուէլ եպս. Պաթագեանի հետ, Պրուքլինի (Նիւ Եորք) առաջնորդարանէն ներս:
Հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու եւ քննելու գաղութը յուզող հարցեր, յատկապէս՝ վերջին ամիսներուն մելան հոսեցնող Հայաստան-Թուրքիա ճանապարհային քարտէսն ու անոր յաջորդած արձանագրութիւնները: Առաջնորդը կարեւոր համարեց համագործակցութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանը կը ներկայացնէին Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրայր Պարոնեանը եւ Մարի Քէշիշեանը:
Ընթացքին անգամ մը եւս շեշտուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին հրաւէրը չէր ներկայացներ ամերիկահայութեան մեծամասնութիւնը:
Աւելի քան կէս ժամ տեւած այս հանդիպումը ընթացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.