ՊՈԼԻՍ.- «Աւրասիա» հիմնադրամի ու Պոլսոյ մշակոյթի համալսարանի համագործակցութեամբ, 2009ի Ապրիլէն ի վեր կը մշակուէր տեղեկագիր մը՝ «Թուրքիոյ մէջ փախստական հայաստանցիներու վիճակը» նիւթին շուրջ։
Անցեալ շաբաթ, լրագրող Ալին Օզինեան համալսարանին մէջ ասուլիս մը կազմակերպեց եւ ներկայացուց տեղեկագրի վիճակագրական տուեալները։ Օզինեան նշեց, որ տեղեկագիրը սկսած էր պատրաստուելու Ապրիլ 2009ին եւ հինգ ամիս շարունակ հետազօտութիւններ իրականացուած էին՝ Թուրքիոյ մէջ հայաստանցի փախստականները ճանչնալու եւ «ինչո՞ւ յատկապէս Թուրքիան ընտրած էին գաղթելու համար» նիւթերուն շուրջ։
Ալին Օզինեանի խօսքերով, տեղեկագիրը պատրաստուած էր թէ՛ հարցախոյզերու եւ թէ դէմ առ դէմ հարցազրոյցներու դրութեան հիման վրայ։ Ըստ անոր, գաղթի տուն տուող պատճառներէն գլխաւորներն են՝ 1988ի երկրաշարժը եւ Հայաստանի մէջ տնտեսական անցումային շրջանը։ Իսկ փախստականներու 48 տոկոսը 1988ի աղէտի գօտիէն՝ Շիրակի մարզէն են։
Տեղեկագրին համաձայն, գաղթական աշխատաւորներու 93 տոկոսը փախստական է եւ Վրաստանէն Թուրքիա մուտք գործած է մէկ ամսուան մուտքի արտօնագիրով։
«Գաղթականներու 96 առ հարիւրը կիներ են, 4 առ հարիւրն ալ՝ այրեր։ Պատճառն այն է, որ կիները աւելի դիւրութեամբ գործ կը գտնեն։ Գաղթականներու 72 տոկոսը կ՛աշխատի տուներու մէջ իբրեւ տնային գործերու օգնական, 18 տոկոսը՝ իբրեւ հիւանդի խնամող, 6 տոկոսը՝ իբրեւ վաճառորդ, իսկ 4 տոկոսն ալ փոփոխական գործերով կը զբաղի։ Այդ հայաստանցիները կը վարձատրուին ամսական 500-1000 տոլարով։ Այրերն ալ, գլխաւորաբար, կ՛աշխատին կօշիկի արտադրամասերու եւ ոսկերչական խանութներու կամ աշխատանոցներու մէջ», յայտնեց Օզինեան։