ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած յարանուանութիւններու հետ հանդիպումներու ծիրէն ներս, Շաբաթ, Յունուար 30ին, Կեդրոնական կոմիտէէն ներկայացուցչութիւն մը հանդիպեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան ներկայացուցիչ՝ պատուելի Աւետիս Պոյնէրեանի հետ, Ուոթըրթաունի Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն ներս:
Սոյն հանդիպման արծարծուեցան Հայաստանը եւ Սփիւռքը յուզող հրատապ հարցերը, ինչպէս նաեւ գաղութի շրջանակէն ներս աւելի բարձր մակարդակի համագործակցութեան եզրեր: Զրոյցի նիւթ դարձաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ ՀՅԴ-յարանուանութիւններ տարիներու համագործակցութիւնը՝ զանազան մարզերէ ներս: