Վ. ՌՇՏՈՒՆԻ
Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2009ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասադաց միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ միութեանս վարչութեան, տեղի ունեցաւ «Գնահատանքի երեկոյ», առ ի գնահատանք վարչութեան կողքին գործող բոլոր յանձնախումբերուն տարած տգնաջան աշխարանքներուն, որոնց շնորհիւ միութիւնը կրցած է իր առաքելութիւնը շարունակել եւ գործնականապէս յաջողակ եւ փորձառութիւններով լի տարի մը եւս աւելցնել իր երիտասարդ տարիքին:
Սովորութիւն դարձած տարեկան այս երեկոն կու գայ փաստելու, որ հարազատօրէն եւ անսակարկ զոհողութիւններով լի աշխատանքները, զոր կը մատուցեն յանձնախումբերու մէջ գործող անդամները, չեն մնար աննկատ եւ անհատոյց: Ուստի վարչութիւնը, կազմակերպելով այս երեկոն՝ միութեան կողմէ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նուիրեալ այդ գործող անդամներուն, իսկ երեկոյի ընթացքին իրենց հասցէին եղած արտայայտութիւններն ու գովասանքները արդէն ինքնին շքանշաններու հաւասար պարքեւներ էին բոլորին համար, իսկ վարչութեան կողմէ պատրաստուած երախտագիտութեան արտայայտութիւններով լի ապակեայ շքեղ յուշատախտակները, զոր տրուեցան ընտրեալ արժանաւորներուն, զանոնք դրին բարոյական պարտաւորութիւններու դիմաց, որոնցմով աւելի ու աւելի նուիրումով պիտի կատարեն իրենց աշխատանքները, որպէսզի միութիւնը կարենայ կատարել իր առաքելութիւնները:
Երեկոն բաղկացած էր պատշաճ յայտագիրէ մը, ուր ընդգրկուած էին բոլոր յանձնախումբերը իրենց մասնագիտական աշխատանքներով, եւ որ ընթացաւ սահուն եւ առանց ընդմիջումի. այսպիսով, գրեթէ բոլոր ներկաները մասնակից էին գործադրուած ծրագրին՝ կամովին թէ իրենց կամքէն անկախ, իսկ տրամադրութիւնները՝ բարձր այն աստիճանի, որ ոեւէ անհատ չէր կրնար չենթարկուիլ հանդիսավարի առաջարկներուն կամ հրահանգներուն: Ներկաներուն մատուցուեցաւ փունջ մը հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններ, հայկական տոհմիկ պարերու նմուշներ, կատակերգութեան արար մը, հայկական ազգային տոհմիկ երգերու շարան մը, որոնց թէ՛ իմաստը եւ թէ կատարողներու արուեստավարժութիւնը մեծ գոհունակութիւն պատճառեցին ներկաներուն: Իսկ երկար տարիներու մանկավարժական փորձառութիւններու տէր՝ ազգային հոգիով սերունդներ դաստիարակած մանկավարժ Հայկուհի Սերոբեանը, որուն անունը չենք կրնար չյիշել, իր մանկավարժական կեանքի տեւողութեամբ տարբեր մշակոյթներէ մանուկներու հետ շփման ընթացքին ձեռք ձգած իր փորձառութիւններն ու յիշողութիւնները գրի առած՝ իր երրորդ գրքոյկէն հատուածներու մէջբերումներով ներկաներուն հրամցուց պատկեր մը, ուր ցոյց տուաւ, թէ տարիներու եւ ժամանակի տարբերութիւնը ի՛նչ փոփոխութիւններու ենթարկած է մարդկային մշակոյթը, մէջը ըլլալով նաեւ՝ հայկականը: Տիկին Սերոբեան մինչ օրս կը շարունակէ գործել գրական յանձնախուբին մէջ:
Ընտանեկան խանդավառ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, երեկոն տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:
Անդրադառնալով Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան եւ իր տարած աշխատանքներուն՝ հայ մշակոյթի եւ ազգային սովորութիւններու պահպանման ու
տարածման գործին՝ կը նախընտրէի յետադարձ նայուածքով մը ներկայացնել յիշեալ միութեան պատմականը, թէ՝ ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ինչպէ՞ս կազմուեցաւ այս միութիւնը:
Անցեալ դարու ութսունական թուականներուն, երբ Միջին Արեւելքէն հայ գաղթականներու հոսքը դէպի Միացեալ Նահանգներ իր գագաթնակէտին հասաւ, մանաւանդ Ծոցի պատերազմին պատճառով գոյացած անտանելի պայմանները ստիպեցին իրաքահայութիւնը, որ ապահով կեանքի պրպտուք կատարեն ու այդ դժոխային կեանքէն դուրս գալու ելք գտնեն, եւ ստիպուած՝ դարձեալ տարագրութեան ճանապարհը բռնեն դէպի աւելի ապահով վայրեր. մեծ թիւով իրաքահայեր բախտը ունեցան հասնելու եւ հաստատուելու ԱՄՆի Քալիֆորնիա նահանգը, ի մասնաւորի՝ Լոս Անճելըս:
Հաւաքական կեանքի սովոր, ազգային մշակոյթին եւ սովորութիւններուն փարած իրաքահայ հատուած մը, հազիւ ինքզինք գտած եւ չմոռնալով իր ետին թողած քոյրերն ու եղբայրները՝ խումբ մը ՀՄԸՄականներ իրարու մօտ գալով միտք մը յղացան՝ մարզական պիտոյքներով օգնել Իրաքի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն. կազմակերպեցին խրախճանք-պարահանդէսի երեկոյ մը, որուն հասոյթը յատկացուեցաւ այդ նպատակին: Ձեռնարկի մտերմիկ մթնոլորտը եւ աննախընթաց յաջողութիւնը առիթ ստեղծեցին կազմակերպիչներուն մտածելու աւելի վսեմ ուրիշ գաղափարի մը մասին՝ կազմել երիտասարդական միութիւն մը, որ կրնար միաւորել համայնքը եւ տանէր իրեն վրայ դրուած պարտականութիւնները հանդէպ ազգային մշակոյթին, սովորութիւններուն եւ ազգապահպանման: Ձեռնարկի կազմակերպիչ անդամները դարձան հիմնադիր անդամները կազմակերպուելիք միութեան: Գաղափարը տարածուեցաւ եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ համայնքին մօտ: Գաղափարին համակիրները շուտով հրաւիրուեցան խորհրդակցական ժողովի մը, որ տեղի ունեցաւ 10 Օգոստոս 1991ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Բենօ Պետրոսեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ 45 հայրենակիցներու:
Կազմակերպիչ անդամներէն Բաբգէն Ասատուրեանը ներկաներուն բացատրեց հանդիպման նպատակը եւ այդ առնչութեամբ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ խնդրեց ներկաներուն աջակցութիւնը՝ անդամակցելու նորակազմ միութեան, եւ ապա առաջարկեց ընտրել օրուան դիւանը, որ պիտի վարէ ժողովը. ընտրուեցաւ դիւանը եւ ժողովը շարունակեց իր ընթացքը: Այսպիսով գումարուեցաւ միութեան հիմնադիր ժողովը, որուն որոշումով միութիւնը անուանուեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութիւն (AYAC)՝ իբրեւ խորհրդանիշ ընդունելով ընկերներու կողմէ նախօրօք պատրաստուած Հայ գիրն ու մշակոյթը խորհրդանշող նշանը: Ժողովը նոյնպէս ընտրեց երկու յանձնախումբեր, առաջինը պիտի մշակէր նորակազմ միութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը՝ համաձայն Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնքներուն, իսկ երկրորդը՝ անդամարշաւի յանձնախումբ: Ժողովը նոյնպէս հիմնադիր անդամներուն լիազօրութիւն ընծայեց շարունակելու իր գործունէութիւնը մինչեւ նոր վարչութեան մը ընտրութիւնը:
1991ի Օգստոսի 30ին, միութիւնը ստացաւ իր պաշտօնական արտօնութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգի Corporation division-էն իբրեւ՝ Non-profit միութիւն, իսկ 1992ի Մայիս 17ին, անիկա գումարեց իր անդամական Ա. ընդանուր ժողովը՝ Կլենտէյլի «Աբգարեան» սրահին մէջ ու ընտրեց իր անդրանիկ վարչութիւնը:
Միութեան գործունէութիւնը շարունակելու համար, վարչութիւնը մէկ տարուան պայմանագիրով վարձեց փոքր տարածք մը՝ իբրեւ գրասենեակ, Լաքրասենթայի մէջ, ապա շուտով աւելի յարմար եւ ընդարձակ տեղ մը վարձեց Կլենտէյլի մէջ: Սրահը շատ ողորմելի վիճակի մէջ էր. հիմնովին նորոգութեան կարիք կար: Սակայն անդամներու սիրայօժար եւ անսակարկ նուիրումին եւ ջանքերուն շնորհիւ, սրահը առաստաղէն մինչեւ յատակ նորոգուեցաւ միութեան խնայելով ձեռավարձքի գումարները. վերջապէս, 1994ի Յունուար 24ին, ներկայութեամբ 200 անդամներու, սրահին բացումը կատարուեցաւ՝ ունենալով միութեան կեդրոնի բոլոր յարմարութիւնները: Ունենալով կեդրոն՝ միութիւնը շատ շուտով ընդգրկուեցաւ գաղութի ազգային եւ մշակութային ձեռնարկներու մէջ: Այս նպատակին համար կազմուեցան գրական եւ մշակութային յանձնախումբեր: Գրական յանձնախումբը զբաղուեցաւ կազմակերպելով մշակութային երեկոներ՝ նուիրուած գրական ասպարէզի մէջ նշանաւոր բանաստեղծներու, եւ դասախօսական երեկոներ՝ անոնց գործունէութիւնը գնահատելու եւ անոնց մատուցած ծառայութիւնը հանրութեան ծանօթացնելու:
Իսկ ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ուրիշ մակարդակի դասախօսական երեկոներ, որուն հրաւիրուեցան համայնքին ծանօթ տնտեսագէտներ, պատմաբաններ եւ մշակութային դաստիարակներ, որոնք իրենց կարգին, իւրաքանչիւրը իր մասնագիտական մարզին մէջ, հանրութեան ներկայացուցին ժամանակակից նիւթեր, որոնց խիստ կարիքը ունէր հայ հասարակութիւնը: Այսպիսով աշխուժացաւ նաեւ միութեան մասնակցութիւնը քաղութին վերաբերող ազգային տօներուն եւ ձեռնարկներուն, ուր միութեան տարած աշխատանքները արժանացան համայնքի գնահատանքին:
Այս փոքր եւ սահմանափակ կեդրոնին մէջ գործող իրերայաջորդ վարչութիւնները, իրենց տարած աշխատանքին կողքին, միշտ կը ձգտէին աւելի յարմարաւետ կեդրոն մը ունենալու, եւ պրպտուքի մէջ էին այդ նպատակին համար: Վերջապէս գտնուեցաւ Կլենտէյլ պողոտային վրայ՝ 1811 S. Glendale Ave. հասցէով ներկայի կեդրոնին շէնքը:
Շէնք մը, որ կառուցուած էր վաճառականական գրասենեակներու համար, եւ բոլորովին չունէր միութեան կեդրոն ըլլալու յարմարութիւնները, սակայն տեղի եւ արժէքի յարմարութեան պատճառով, վարչութիւնը գնեց այդ շէնքը: Կազմուեցաւ շինարարական յանձնախումբ մը, որ իր ուսերուն վրայ վերցուց շինարարական աշխատանքը, եւ նոյնպէս, ինչպէս նախորդին, անդամներու մասնագիտական շնորհքներուն եւ գործօն մասնակցութեան շնորհիւ, վեց ամսուան տգնաջան եւ յարատեւ աշխատանքով, եւ մասամբ անդամներու ու ազգային բարերարներու նիւթական նուիրատութեամբ վարչութիւնը կրցաւ իրագործել իր եւ բոլոր անդամներուն երազը՝ յարմարութիւններով օժտուած կեդրոն մը ունենալ:
Եւ այսպէս, նորակազմ միութիւնը տակաւին իր հինգերորդ տարին չբոլորած, իր նուիրեալ անդամներուն անխոնջ աշխատանքին եւ ջանքերուն շնորհիւ, 1996ի Մայիս 18ին, ներկայութեամբ 350է աւելի անդամներու՝ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրով մը բացումը կատարեց իր նոր եւ սեփական կեդրոնին՝ արժանանալով ներկաներու խոր գնահատանքին: Տեղական մամուլը լայնօրէն արձագանգեց լուրին՝ զայն որակելով «Ազգային հոգիներու դարբնոց»ի մը բացումը:
Նոր կեդրոնի մէջ տեղաւորուելէ ետք, միութեան աշխատանքները աւելի աշխուժացան. օրուան պարտադրած պահանջներուն հրամայականին ենթարկուելով, ու անդամներու փափաքին ի կատար՝ վարչութիւնը կազմակերպեց «Դէպի հայրենիք ուխտագնացութիւն» ծրագիրը, որով տարեկան 30է աւելի անդամներ, իրենց պարագաներով, երեք շաբաթուան տեւողութեամբ առիթը կ՛ունենան իրենց եւ իրենց ծնողներուն երազած անկախ հայրենիքը այցելելու եւ մօտէն հաղորդուելու հայրենի հողին ու ջուրին (Հայաստան եւ Արցախ), ծանօթանալու հայրենի մշակոյթին եւ նորանոր կապեր հաստատելու հայրենի հողին հետ՝ ապագային վերադառնալու պայմանով: Այս ազգօգուտ ծրագիրը տակաւին կը շարունակուի անխափան:
Նոր սերունդի եւ մանուկներու հոգիներուն մէջ ազգային ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը վերականգնելու ու պահպանելու նպատակով, վարչութիւնը իր Մանկապատենական յանձնախումբին անունով կոչ կ՛ընէ հանրութեան, որ իրենց մանուկներն ու պատանիները անյապաղ մասնակից դարձնեն միութենէն ներս ընթացող մանկապատանեկան դաստիարակչական ծրագիրներուն:
Հայ գիրն ու մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու նպատակով, միութիւնը յատկացուցած է կրթաթոշակ, որ կը շնորհուի այն աշակերտին, որ կը լրացնէ միութեան կողմէ դրուած՝ հայ լեզուի եւ պատմութեան առնչուող որոշ պայմաններ:
Վարչութիւնը իր գործունէութիւնը համայնքին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակաւ, իր կողքին գործող Գրական յանձնախումբին խմբագրութեամբ եւ երկամսեայ պարբերականութեամբ կը հրատարակէ «Լրատու» հանդէսը, ուր, վարչութեան գործունէութեան կողքին, կը գտնէք անդամներու կողմէ գրուած տարբեր նիւթերու մասին հետաքրքրական յօդուածներ, մանաւանդ՝ հայրենիք այցելող անդամներու տպաւորութիւններն ու զգացումները արտայայտող գրութիւններ: Հոն կը գտնէք նաեւ առողջապահութեան վերաբերող նիւթեր, լուսանկարներ, չափածոյ բանաստեղծութիւններ ու փորձեր, եւ այլն: «Լրատու»ի կողքին, վարչութիւնը կը հրատարակէ նաեւ հայրենիքի տեսարժան վայրերու շքեղ պատկերներով զարդարուած, հայկական աւանդական տօներու ժամանակները մատնացոյց ընող եւ ուրիշ կարեւոր գիտելիքներ ընդգրկող տարեկան օրացոյց մը, որ կը բաժնուի անդամներուն անվճար:
Միութիւնը անյապաղ մասնակցած է Համահայկական հիմնադրամի բոլոր ծրագիրներուն՝ կատարելով նիւթական յատկացումներ: Մօտէն հետեւելով Հայ Դատի գործունէութեան՝ կը քաջալերէ զայն եւ կը մասնակցի անոր աշխատանքներուն:
Բնութեան աղէտներու պատճառով տուժած աղէտեալներուն յատկացուցած է որոշ գումարներ: Իսկ այս օրերուն, Հայիթիի երկրաշարժի աղէտեալներուն օգնութեան համար, մասնաւոր շրջաբերականով մը ձեռնարկած է դրամահաւաքի արշաւի մը. շրջաբերականին մէջ ան կոչ կ՛ընէ միութեան անդամներուն եւ համայնքին օգնութեան ձեռք երկարելու աղէտեալներուն:
Իրապէս Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութիւնը արժանի է իր՝ «Ազգային հոգիներու դարբնոց» կոչումին: