ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբը ՀՕՄի հիմնադրութեան 100 ամեակին նուիրուած յատուկ դասապահ մը կազմակերպած էր վարժարաններու բոլոր աշակերտութեան համար:
Ծրագրուած արտադպրոցական միօրեայ այս դասապահը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 6ին, կ.ա. ժամը 10:30ին, Կլնետէյլի Երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ: Օրուան դասախօս-դասատուն էր Նայիրի Տէրտէրեանը, որ շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին խօսեցաւ, բացատրեց եւ աշակերտներուն հետ զրուցեց ՀՕՄի մասին:
Ձեռնարկին հրաւիրուած էին ՀՕՄի Շաբաթօրեայ բոլոր վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք իրենց դասատուներու, տնօրէններու, պատասխանատուներու եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցան միօրեայ այս դասընթացքին:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեանի եւ իր գործընկերուհիներ Մաքօ Սեդրակեանի ու Ռիթա Հինդլեանի կողքին, ներկայ էր նաեւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Կիրակոսեանը, կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սօնա Գիզիրեանն ու յանձնախումբի բոլոր անդամուհիները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան», Հոլիվուտի «Մայր», Հովիտի «Անահիտ», Լա Քրեսենթայի «Թալին» եւ Օրէնճ Քաունթիի «Սեւան» մասնաճիւղերու շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչական կազմերն ու ծնողներ, ինչպէս նաեւ սոյն 5 մասնաճիւղերու աշակերտները՝ թիւով աւելի քան 100 հոգի:
Ներկայ էին նաեւ Նորթ Հոլիվուտի «Մեղրի» մասնաճիւղի ուսուցչական կազմի անդամուհիները:
Օրուան պաշտօնական յայտագիրէն առաջ, աշակերտները իբրեւ փորձ՝ միասնաբար երգեցին յառաջիկայ Մայիսին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպելիք աւանդական փառատօնին բացման հանդիսութեան իրենց համար նշանակուած երգերը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ երաժշտագէտ եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Ալֆրետ Մարտոյեանի: Այսպէս, անոնք իրերայաջորդ կերպով եւ մեծ խանդավառութեամբ թէ՛ սորվեցան եւ թէ՛ երգեցին երգերը, որոնք արժանացան ներկայ դասատուներուն, ՀՕՄուհիներուն եւ ծնողներուն ջերմ ծափահարութիւններուն:
Ձեռնարկը վարեց ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի տարիներու տնօրէն եւ ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանը, որ իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Ան պարզեց միօրեայ այս դասապահին նպատակը եւ աւելցուց, թէ յանձնախումբը նման ծրագրով կը փորձէ արմատացնել եւ հաստատ պահել Շաբաթօրեայ միջվարժարանային կապը: Ապա ան մէկ առ մէկ ներկայացուց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամուհիները, միաժամանակ հրապարակելով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերը, եւ յիշեցուց, թէ շատ մօտիկ ապագային Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները, ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած յատուկ ու պատշաճ յայտագիրով ու ծրագիրով մը հանրութեան պիտի ներկայանան:
Իր կարգին, օրուան դասախօս Նայիրի Տէրտէրեան երկլեզու իր խօսքի սկիզբին նախ ներկայացուց ՀՕՄը՝ պարզելով անոր անունն ու իմաստը: «ՀՕՄը, որ հիմնուած է 1910ին, Նիւ Եորքի մէջ, Է. Ակնունիի մտայղացումով եւ գործնական ծրագիրով, աշխարհի վրայ հայ կանացի այն մեծ միութիւնն է, որ միշտ առաջնահերթ տեղ տուած է յատկապէս մեր մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ծրագրին՝ մարդասիրական իր նպատակներուն եւ աշխատանքներուն կողքին», ըսաւ ան:
Իր խօսքին ընթացքին բանախօսը մօտենալով սեղաններուն՝ իր խօսակցութեան բաժնեկից դարձուց աշակերտներն ալ: Հետաքրքրական էր լսել նոյն այդ փոքրերուն բերանէն հարցումներուն պատասխանները, ինչպէս նաեւ դասատուին եւ աշակերտներուն միջեւ ստեղծուած ոգեւորութիւնը: Տէրտէրեան շեշտաւորեց նաեւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու նպատակը, աւելցնելով, թէ՝ «Հոն միայն հայերէն լեզու կամ պատմութիւն չէ որ կը սորվիք, այլեւ այս բոլորին կողքին հայկական ոգիով կամ հայկականութեամբ կը լեցուին ձեր միտքերն ու հոգիները»:
Իր խօսքերը միշտ հասկնալի ու պարզ օրինակներով համեմելով՝ ան շեշտեց հայերէն լեզուի կարեւորութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Դասախօս Տէրտէրեան ՀՕՄի մասին իւրաքանչիւր իր մատնանշումներուն ընթացքին սրահի պատին վրայ անգլերէն լեզուով բացատրութիւններ ալ ցուցադրեց:
«Ներկայիս, ՀՕՄը աշխարհի 26 զանազան երկիրներու մէջ, ունի աւելի քան 14 հազար անդամուհիներ, որոնք ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլեւ Հայրենիքի, Արցախի եւ æաւախքի մէջ մարդասիրական եւ հայրենասիրական մեծ ու գործօն դերեր ստանձնած են», ըսաւ ան: Իր խօսքի աւարտին, Տէրտէրեան ՀՕՄին զօրակցելու եւ միշտ օգտակար դառնալու կոչ ըրաւ սրահի մեծերուն ու փոքրերուն:
Աշակերտները ուշադրութեամբ հետեւեցան դասախօսին, եւ անոր հարցումներուն համարձակ ու անմեղ կերպով պատասխանեցին:
Տեղին է նաեւ յիշել, որ յանձնախումբը ներկայ գտնուող իւրաքանչիւր աշակերտի համար պատրաստած էր յատուկ թղթածրար մը, որուն մէջ տեղ գտած էին ՀՕՄի խորհրդանիշը, անոր բացատրութիւնն ու իմաստը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ Մայիսի ձեռնարկին բացման հանդիսութեան աշակերտական երգերուն բառերը:
Դասապահէն անմիջապէս ետք ցուցադրուեցաւ անգլերէն լեզուով յատուկ տեսաերիզ մը՝ ՀՕՄի 100ամեակին առթիւ պատրաստուած, որ մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցաւ սրահին կողմէ:
Յանուն ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Անի Կիրակոսեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան դասախօս Նայիրի Տէրտէրեանին, իր այս գեղեցիկ ու հասկնալի դասապահին համար, եւ ապա մեծապէս գնահատեց աշակերտներու ծնողներուն զոհողութիւնը: Իր խօսքը ուսուցիչներուն ուղղելով՝ ան նախ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հանդիսավար Պետիկեանին եւ ապա գովեց դասատուները՝ ի խնդիր հայ աշակերտին հայերէն լեզու, գիր ու գրականութիւն ուսուցանելու զոհաբերումին ու ճիգին, նաեւ կորով ու յարատեւութիւն մաղթեց բոլորին:
Իր կարգին, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ վեր առաւ իրենց ուսուցիչ-ուսուսցչուհիներուն եւ ծնողներուն մեծ զոհաբերութիւնը, եւ ապա մեծապէս գնահատեց աշակերտներուն՝ հայ լեզուին, գիրին ու գրականութեան հանդէպ ցուցաբերած սէրն ու յարգանքը: Ան նաեւ շեշտեց աշակերտներուն հայերէն սորվելու, միշտ խօսելու եւ զրուցելու անհրաժեշտութիւնը, եւ շնորհաւորեց օրուան դասատուներն ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոլին՝ իրենց մասնակցութեան համար:
Ան յիշեցուց նաեւ, թէ ՀՕՄը մեծապէս կը գուրգուրայ հայ գիրին ու մշակոյթին, եւ ասկէ մեկնած, ի գին ամէն զոհողութեան, կը հովանաւորէ շաբաթօրեայ վարժարանները Ամերիկայի ամբողջ տարածքին:
Աւարտին բոլոր ներկաները փիցցայով հիւրասիրուեցան Շրջանային վարչութեան կողմէ:
(Թղթակցութիւնը
ՀՕՄի Շաբաթօրեայ
վարժարաններու յանձնախումբէն)