ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց առաքելական մայր եկեղեցւոյ եւ Ֆրեզնոյի Վարդանանց ասպետներու եւ դուստրերու «Եփրատ» դահլիճին ու «Ալիծ» օդեակին, մասնակցութեամբ շրջանիս եկեղեցիներուն՝ Առաջին Հայ երիցական եկեղեցին, Ս. Պօղոս Հայց. առաքելական եկեղեցին, Հայ Պանդխտեաց ժողովրդական եկեղեցին եւ Ֆաուլըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հոգեւորական դասին, Հինգշաբթի, Փետրուար, 11ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին տեղի ունեցաւ Վարդանանց 1036 նահատակներուն նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւնը՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին եւ յարակից սրահին մէջ:
Եկեղեցին փութացած էին շրջանիս հոգեւորականները, իրենց ծուխերով, որոնք դասին մէջ տեղ գրաւած էին, իսկ հաւատացեալներու բազմութիւնը՝ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, երկիւղածութեամբ կը հետեւէր պատարագին եւ դպրաց դասի երգեցողութեան. պատարագիչն էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանը, որ շրջապատուած էր սարկաւագներով, բուրվառակիրներով եւ քշոցակիրներով, որոնք զգեստաւորուած էին Վարդանանքը խորհրդանշող կարմիր գոյներով, իսկ եկեղեցիներու միացեալ դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ դպրապետուհի Շողիկ Պապոյեանի եւ երգեհոնահար Պէն Գրիգորեանի, յաջող կատարողութեամբ կը մեկնաբանէր պատարագի երգերը, բախելով իւրաքանչիւր «խունկի ծարաւ հոգիներուն» սրտերն ու հոգիները: Խորհրդաւոր էր պահը, երբ հնչեց Մակար Եկմալեանի «Սուրբ-Սուրբ»ը, խորանին վրայ բազկատարած քահանայ հայրը, բուրվառներէն քուլայ-քուլայ բարձրացող ծուխը, հոգեւորականներու դասը, բազմութիւնը եւ դպրաց դասը, կարծես պահ մը կը յիշեցնէին Աւարայր դաշտի Մայիս 25ի գիշերը, երբ Վարդանանք, Յովսէփ կաթողիկոս, Ղեւոնդ Երէց, իշխաններ եւ Հայոց Աշխարհի Տիկնայք փափկասունք, բազկատարած կ՛աղօթէին եւ կը սպասէին բացուող արշալոյսին:
Ապա ուժգնութեամբ կը հնչէ Տէրունական աղօթքը, ամբողջ եկեղեցին միաբերան կ՛աղաղակէ՝ «Այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէն». որքան փափաքած ենք, որ մեր պատարագի երգեցողութեան, դպրաց դասին հետ ընկերանայ նաեւ ներկայ ժողովուրդը:
Այսպէս կը շարունակուի հոգեպարար արարողութիւնը եւ ներկայ բազմութիւնը ջերմեռանդութեամբ կը հետեւի արարողութեան, որ վերջ կը գտնէ տէր հօր եւ պատուելի Արա Կըգըզեանի հայերէն եւ անգլերէն պատգամներով:
Սիրելի ընթերցող, շատ անգամներ ներկայ եղած ենք Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագներու, սակայն այս երեկոյ, ի տես այս բազմութեան, հոգեւորական դասին եւ շրջանիս մէջ գործող եկեղեցիներու միացեալ դպրաց դասին, որոնք համախմբուած են այս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, հրճուանքի եւ հպարտանքի առիթ կը ստեղծէ եւ ցոյց կու տայ շրջանիս համագործակցութեան եւ միակամ ոգին, որ կրնայ Վարդաններու պէս բարձրաձայն աղաղակել. «Յայսմ հաւատոց զմեզ ոչ ոք կարէ խախտել, որովհետեւ, այս օտար ափերուն վրայ, կ՛ապրենք ու կը գործենք դեռ, Վարդաններու ոգիով»:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Չարլի Քէյեան հայկական համագաղութային դպրոցի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած՝ Վարդանանց նուիրուած յայտագիրին:
Չարլի Քէյեան դպրոցի երկսեռ աշակերտներու խումբ մը, զգեստաւորուած Վարդանանքը խորհրդանշող տարազներով եւ սուրերով, բեմին վրայ, Յովսէփ կաթողիկոսին շուրջ բոլորուած՝ բեմականացուցին Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» քերթուածը, արտասանելով հատուածներ եւ մէջ ընդ մէջ երգելով «Զարթիր Որդեակ» եւ «Երգ Վարդանայ» երգերը, իսկ աւարտին՝ Վարդանանց ասպետներու նուիրուած երգ մը:
Իրապէս, գովելի եւ գնահատելի աշխատանք կատարած էին վարժարանի հայերէնի դասատուները, տիկիններ Տումանեան, Գարօղլանեան եւ Մարգարեան, որոնք յաջողած էին մեր նորահաս սերունդին շրթներուն վրայ ոչ միայն ծաղկեցնել Վարդաններուն եւ Վարդանանց հերոսներուն նուիրուած քերթուածներուն եւ երգերուն բառերը, այլ անոնց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ ներշնչած էին ազգային եւ Վարդանանց ոգին: Անոնք բեմէն իրենց արտայայտութեամբ հաղորդակից դարձուցին ներկաները, որոնք ծափահարութիւններով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Չարլի Քէյեան վարժարանի տնօրէնութեան, բոլոր ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան:
Ապրիք, հազար ապրիք, սիրելի հայորդիներ. ձեր շրթներուն վրայ ծաղկող բառերն ու երգերը, պահ մը զովացուցին մեր սրտերը: Ձեզի եւ ձեր բոլոր ուսուցիչներուն կը ցանկանք ուժ եւ կարողութիւն՝ շարունակելու ազգանուէր այս աշխատանքը. մի՛ մոռնաք բանաստեղծին խօսքը. «Միայն մենք Արարատ ունենք»:
Ապա, Վարդանանց ասպետներուն եւ դուստրերուն կողմէ թեթեւ ընթրիք մը հրամցուեցաւ: