ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Փետրուար 18ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով նախորդ օրուան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի ելոյթին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է. «Դաշնակցութիւնը վախեցած չէր, որ վախը չափուէր։ Ամբողջ խնդիրն այն է, թէ երկիրն ի՞նչ վիճակում կը յայտնուի այս ամէն ինչից յետոյ։ Այ, այդ վտանգների չափը ճիշդ կը լինի, որ իրենք հիմա լաւ պատկերացնեն եւ ուրիշների վախերի մասին խօսելուց առաջ՝ այդ վտանգի չափը մի հատ չափեն ու իրենց պատասխանատուութիւնը զգան դրան համապատասխան»։
Նշենք, որ Փետրուար 17ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՀԿ ներկայացուցիչ Գ. Սահակեանը յայտարարած էր, թէ Հայաստանի նախագահի ելոյթէն ետք, հայ-թրքական գործընթացի բոլոր ընդդիմախօսները իրենց ձայները կտրած են, որովհետեւ բոլորին տրուած են պատասխաններ. «Լոնտոնեան ելոյթը պիտի չափէր նաեւ Դաշնակցութեան վախը», յայտարարած էր ՀՀԿի ներկայացուցիչը։
Քննադատելով «Չեթըմ Հաուզ»ի մէջ Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւնը՝ Արմէն Ռուստամեան նշած է, թէ անիկա ընդհանրապէս չի նպաստեր մեր երկրի հեղինակութեան՝ նկատի ունենալով Գործադիր եւ Օրէնսդիր մարմիններու տարանջատման սկզբունքը։ «Ես տեսնում եմ, որ չկայ հայեցակարգուած մօտեցում, եւ կատարւում են քայլեր, որոնք իրավիճակային են», յայտնած է ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչը:
Յիշեցնենք, որ «Չեթըմ Հաուզ»ի մէջ, Հայաստանի նախագահը յայտարարած էր. «Որպէս խորհրդարանական մեծամասնութեան քաղաքական առաջնորդ՝ բացառում եմ Թուրքիայի կողմից արձանագրութիւնները, պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ առանց նախապայմանների վաւերացման դէպքում՝ Հայաստանի խորհրդարանի կողմից դրանց վաւերացման տապալումը»։
Անդրադառնալով արձանագրութիւններուն վերաբերող «Ժառանգութիւն» եւ ՀՅԴ պարբերական հաւաքներուն՝ Ա. Ռուստամեան յայտնած է. «Յայտարարել ենք մեր ընդհանուր ծրագիրը՝ իր որոշակի հանգրուաններով, որի քննարկումներին մասնակցել է նաեւ «Ժառանգութիւնը»»։ ՀՅԴ ներկայացուցիչը, սակայն, յայտնած է, թէ ՀՅԴն կարծր կառուցուածքով ձեւաչափ չէ ձեւաւորած, եւ թէ ամէն մէկը պէտք է տէր կանգնի իր ստորագրութեան եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։
Ասուլիսի աւարտին, խօսելով Փետրուար 17ին Եւրոմիութեան (ԵՄ) երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին, «Երկրում քաղաքական եւ տնտեսական վերնախաւերի սերտաճման» վերաբերեալ՝ ՀՅԴի ներկայացուցած մօտեցումներուն մասին՝ ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչը յայտնած է. «Մենք յստակ ասել ենք, որ Հայաստանում վաղուց ձեւաւորուած է պլուտոկրատիա, որն ունի շատ յստակ բանաձեւ՝ փողը բերում է իշխանութեան, իշխանութիւնը՝ յաւելեալ փող։ Եւ այս շղթան չես կարողանում ճեղքել»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.