ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովը Երեքշաբթի օր առաջին ընթերցմամբ քննարկեց միջազգային պայմանագրերու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու օրինագիծը, որ իր նոր բանաձեւումով հնարաւորութիւն կու տայ մինչեւ ուժի մէջ մտնելը ստորագրուած պայմանագրերը դադրեցնել: Այս օրինագիծը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:
Նախագիծը ներկայացնող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեան դժուարութեամբ հաստատեց, որ Հայաստանի միջազգային պայմանագրերու մասին օրէնքին մէջ իրենց նախաձեռնած փոփոխութիւնները կատարուած են՝ անսալով նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան, որ «Եթէ Թուրքիան ողջամիտ ժամկէտում չվաւերացնի հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման արձանագրութիւնները, համապատասխան գերատեսչութիւններին յանձնարարութիւն կը տրուի, որպէսզի միջազգային պայմանագրերի մասին օրէնքում փոփոխութիւն կատարելու միջոցով Հայաստանը ետ վերցնի իր ստորագրութիւնները»:
Ըստ իս փրոթոքոլներուն Հայաստանի կողմէ դադրեցումը շատ սխալ եւ աննպաստ քայլ մը պիտի ըլլայ Հայաստանի համար:Եթէ Հայասդան այսպէս գայլ մը առնը ասիկայ մեծ օգութ պիտի ունենայ Թուրքիոյ համար:Որովհետեւ այսպէսով թուրքիայ փրոթոքոլներուն դադրեցման հանձաւորը պիտի սկատէ Հայասդանը:Հայաստան պետք է ոչ մէկ գայլ առնէ յիմայ եւ սպասէ որ Թրքական խորհրդարանը վավերացնէ փրոթոքոլները որ ասիկայ կարելի պիտի չըլլայ ու Թուրքիայ նեղ կացութեան մէջ պիտի մնայ: