ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին Ատրպէյճան ժամանած Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Ատրպէյճան-Եւրոմիութիւն յարաբերութեանց եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին:
Արցախի հարցին անդրադառնալով՝ Սեմնեպի յայտնած է, թէ պէտք է տագնապին լուծում մը գտնել մօտալուտ ապագային, պնդելով, որ Արցախի կացութիւնը չի կրնար այսպէս մնալ: Ան յոյս յայտնած է, թէ անցեալ տարի ապահովուած յառաջդիմութեան շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ բանակցութիւնները արագացնել:
Սեմնեպի իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պաշտօնատարներու եւ ոչ պետական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ: