Անցեալ Չորեքշաբթի օր, «Ասպարէզ»-«Հորզոն»ի շէնքը դարձեալ յաւելեալ աշխուժութեամբ ու պատանեկան ձայներով շէնցաւ:
Մեզ այցելողները «Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտներն էին՝ ուսուցիչներու եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ:
Հինգերորդ դասարանցիները շրջեցան մեր հաստատութեան զոյգ բաժիններու գրասենեակները, «Հորիզոն»ի նկարահանման սրահը, եւ հանդիպեցան աշխատողներուն հետ:
Թերթին խմբագիրը այցելուներուն ներկայացուց այդ օրուան հայ աշխարհի լուրերը եւ միասնաբար ճշդեցին անոնց նախապատուութեան շարքը: Աշակերտներուն որոշումով, մայրենի լեզուի տարուան տօնակատարութեանց սկիզբը ազդարարող լուրը առաջին էջի վրայ զետեղելու կարգադրութիւն եղաւ:
Աշակերտներու այցելութիւնը մեզի համար միշտ հաճելի է, եւ մենք իսկական մարտահրաւէր կը նկատենք անոնց ուշադրութիւնը գրաւելը: Յաճախ կը ձախողինք, երբեմն ալ կը յաջողինք: