ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս թայմզ» օրաթերթի ճամբորդական տարեկան ցուցահանդէսին՝ «Los Angeles Times Travel and Adventures Show»ին, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները Շաբաթ եւ Կիրակի, Փետրուար 13-14ին շատ լաւ տպաւորութիւն ձգած են ցուցահանդէսին մասնակիցներուն վրայ:
Լոս Անճելըսի Համագումարներու կեդրոնին (Convention Center) մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին ներկայ եղած են աւելի քան 40,000 այցելուներ:
Երկու երկիրներուն ներկայացուցիչները տեղեկատուական թղթիկներ ու այլ նիւթեր բաժնած են այցելուներուն, մինչ իրենց յատկացուած խցիկին մէջ հանրապետութեանց տեսարժան վայրերը կը ցուցադրուէին լուսանկարներով եւ տեսաերիզով:
Այս մասնակցութիւնը կարելի եղած է ապահովել Կլենտէյլ հաստատուած Հայ-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակին, Երեւան հաստատուած Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման կազմակերպութեան եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին համատեղ ջանքերով:
Ցուցահանդէսի զոյգ օրերուն, հայկական պարեր ներկայացուեցան «Global Beat» բեմին վրայ, պարի «Գէորգեան» եւ «Լիլիա» դպրոցներու սաներուն կողմէ:
Նաեւ, Շաբաթ օր, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նուիրուած աշխատանիստ մը տեղի ունեցաւ՝ ընկերակցութեամբ սահիկներու ցուցադրութեան մը:
Սահիկներու այլ ցուցադրութիւն մը կատարուեցաւ Հայաստանի զբօսաշրջային մարզին զարկ տալու նպատակով հրապարակ բերուած «Բարի եկար Հայաստան» (Welcome to Armenia) զբօսաշրջային ծրագրին մասին, Մէթու Քարանեանի եւ Ռապըրթ Քիւրքճեանի կողմէ, որոնք արտադրած էին Հայաստանի նուիրուած ճամբորդական առաջին ուղեցոյցը՝ «The Stone Garden: Armenia and Karabagh»ը:
Հայ-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակէն Զաւէն Գազազեան կը յայտնէ, թէ ցուցահանդէսը ակնկալուածէն աւելի մեծ յաջողութիւն ապահոված է՝ Հայաստանի եւ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան մարզերը ծանօթացնելով:
Իր կարգին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ ուրախանալի էր տեսնել այցելուներուն խանդավառութիւնը եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները զբօսաշրջութիւնը կը նկատեն երկրի տնտեսական զարգացման նպաստող կարեւորագոյն մարզերէն մէկը: Ան յոյս յայտնեց, թէ ցուցահանդէսին շնորհիւ, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը կը շարունակէ աճիլ: 2009ին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած էր 650,000ի, ինչ որ տասնամեակ մը առաջ Հայաստան այցելողներուն թիւին տասնապատիկն է: Իշխանութիւնները կը յուսան այս թիւը աւելի քան մէկ միլիոնի հասցնել մինչեւ 2020:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին նաեւ «Լեւոն թրեվըլ» եւ «Սայտոն թրեվըլ» ճամբորդական գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտներ կազմակերպող այլ ընկերութեանց ներկայացուցիչները:
1999ին հաստատուած Հայ-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armenianchamber.org համացանցային կայքը կամ հեռաձայնել (818) 247-0196 թիւին: