Երկուշաբթի, 8 Փետրուարի երեկոյեան, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի աշակերտութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին ՀՕՄի կեդրոնը եւ գեղեցիկ անակնկալ մը մատուցեցին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան:
Վարժարանի աւարտական դասարանի նախաձեռնութեամբ, դպրոցէն ներս դրամահաւաք մը կազմակերպուած էր՝ օգնութիւն տրամադրելու համար Հայիթիի երկրաշարժի աղէտեալներուն: Այս առիթով հանգանակած էին $1,778 գումար, զոր վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Արփա Հացպանեան եւ Ճիւլիանա Խանճեան անձամբ յանձնեցին Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեանին:
Ընկհ. Փօլատեան, ներկայացնելէ ետք ներկայ Շրջանային վարչութեան անդամուհիները, շնորհակալութիւն յայտնեց «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի աշակերտութեան եւ բարձր գնահատեց անոր այս նախաձեռնութիւնը, որ նաեւ օրինակ պէտք է ծառայէ շրջանի երիտասարդութեան:
«Վստահ ենք, որ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կատարեցիք այս դրամահաւաքը, որուն համար շնորհաւորելի էք: Ձեր այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի ՀՕՄի մեծ ընտանիքին կողմէ: 1988ին, հայ ժողովուրդը եւս նման բնական աղէտ մը դիմագրաւեց եւ ամբողջ աշխարհը օգնութեան փութաց մեր հայրենակիցներուն: Ուրախ եմ, որ մարդկային նոյն կեցուածքը դուք կը ցուցաբերէք Հայիթիի ժողովուրդին: Ապրի՛ք», ընդգծեց Ս. Փօլատեանը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը կը շարունակէ ընդունիլ տուրքէ զուրկ նուիրատուութիւններ՝ «Հայիթիի օգնութեան ֆոնտ»ին: Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել www.arswestusa.org/donate կայքին միջոցաւ, կամ ձեր վճարագիրը (check) ղրկելով ARS of Western USA, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812, հասցէին: