ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան նահանգներուն մէջ գործող ՀԵԴի ուխտերուն անդամները, Քոնկրեսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու համար տարուող աշխատանքներուն նոր թափ տալու նպատակով, նախաձեռնած են դաստիարակչական արշաւի մը՝ «Teachathon 252»ին:
Արշաւին նպատակն է ուղղակի ժողովուրդին հետ կապուելով՝ տեղեկութիւններ փոխանցել Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ անոր կարեւորութեան մասին, անոր ի նպաստ առաւելագոյն աջակցութիւնը ապահովելու համար:
Արշաւին կը մասնակցին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող ՀԵԴի 14 ուխտերը՝ սկսելով Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքէն, հասնելով մինչեւ Թեքսասի Հիւսթըն քաղաքը:
ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արեգ Սանթիկեան կը յայտնէ, թէ կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութենէն՝ 1933էն ի վեր, եղած է Հայկական Հարցին գլխաւոր մտահոգութիւնները առաջ մղող կազմակերպութիւն մը, եւ այս առիթով եւս կ՛ուզէ իր յատկանշական ներդրումը ունենալ: