Ռոզ եւ ԱլԷք Փիլիպոս ազգային վարժարանը 1997 թուականէն ի վեր շարունակական ձեւով կը մասնակցի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սեփական դպրոցներու Academic Decathlon-ին։
Այս տարի «Ալէք Փիլիպոս»ի խումբը, որ բաղկացած էր հետեւեալ աշակերտներէն՝ Էտուարդ Ճիէրճեան, Լեւոն Պետրոսեան, Քրիսթին Բաթիքեան, Հայկ Տէր Ղեւոնդեան, Նարեկ Ասատրեան եւ Քրիսթոֆըր Խաչատրեան, այս տարի նոյնպէս մրցումէն ամիսներ առաջ իսկ աշխատանքի լծուած էր։
Ինը աշակերտներէ բաղկացած «Փիլիպոս»ի խումբը, որ այս մրցումին մասնակցող միակ հայկական վարժարանն է, մրցեցաւ զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ բանաւոր ներկայացում, հարցազրոյց, արուեստ, երաժշտութիւն, տնտեսագիտութիւն, լեզու եւ գրականութիւն, շարադրութիւն եւ զարգացման մրցում: «Ալէք Փիլիպոս»ի աշակերտները ընդհանուր առմամբ նուաճեցին 14 անհատական մետալներ՝ 2 ոսկի, 7 արծաթ եւ 5 պրոնզ:
«Մեր աշակերտներուն յաջողութիւններով իսկապէս հպարտ ենք։ Անոնք ամիսներ շարունակ իրենց առօրեայ դասերուն կողքին յանձնառու եղան սորվելու եւ մասնակցելու այս հեղինակաւոր մրցումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միայն լաւագոյն սեփական դպրոցները, իսկ մրցոյթը՝ իր բնոյթով եւ նիւթերով, իրապէս բարդ է։ Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ այս մրցակցութեան մԷջ պայմանները այնքան ալ ի նպաստ մեր դպրոցին չեն, որովհետեւ մենք կը մրցինք դպրոցներու հետ, որոնց աշակերտութեան թիւը էապէս կը գերազանցէ մեր աշակերտութեան թիւը, հետեւաբար այդ դպրոցները իրենց աշակերտական շարքերուն մէջ ունին ընտրելու յաւելեալ հնարաւորութիւն եւ նոյնիսկ կարողութիւն՝ մրցաշարքին մասնակցելու աւելի քան մէկ խումբով։ Աւելին, մեր ուսուցիչները կամաւոր ձեւով իրենց ազատ ժամերը տրամադրելով՝ կը հսկեն մեր աշակերտներու պատրաստութեան աշխատանքին», յայտնեց տնօրէնը։
Տնօրէն Նազօ Աբանեան դիտել տուաւ, թէ «Մեր աշակերտներուն շարունակական յաջողութիւնները եւ անհամեմատելի միջոցներով օժտուած դպրոցներու հետ մրցակցութիւնը կը վկայեն, թէ մեր դպրոցը, իր խստապահանջ եւ յաջող կրթական ծրագիրով, ինչպէս նաեւ շեշտուած կարգապահութեամբ, նախանձելի կրթական օճախի վերածուած է»: