ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ, «Ռոյթըրզ».- Ձմեռնային 21րդ ողիմպիական խաղերը Կիրակի, Փետրուար 28ին աւարտեցան փակման գեղեցիկ արարողութեամբ մը, որմէ անմիջապէս առաջ, Գանատայի սառոյցի հաքիի ազգային խումբը ապահովեց խաղերուն վերջին ոսկի մետալը՝ յետ երկարաձգութեան 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը: Ոսկի մետալներու ընդհանուր քանակով վերջնական աղիւսակը գլխաւորեցին տանտէրները՝ խլելով 14 ոսկի մետալներ: Երկրորդ դիրքի վրայ կու գայ 9 ոսկի մետալ խլած Միացեալ Նահանգներու խումբը, որ մետալներու ընդհանուր քանակով ցուցակին մէջ առաջատարն է՝ խլած ըլլալով 37 մետալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.