ՊՈԼԻՍ.- «Զաման» օրաթերթը Երեքշաբթի, Մարտ 2ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու այս ամսուան ընթացքին պիտի ժամանէ Միացեալ Նահանգներ, ուր ամերիկացի օրէնսդիրներուն պիտի զգուշացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին վաւերացման հետեւանքներէն։
Յիշեցնելէ ետք, թէ այս պահուս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին թրքական երկու պատուիրակութիւններ, որոնք կ՛ազդարարեն, թէ բանաձեւին վաւերացումը վնաս պիտի հասցնէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, օրաթերթը կը գրէ, թէ այդ հարցին մէջ գլխաւոր նախազգուշացումը պիտի ընէ Տաւութօղլուն։
«Ըստ Տաւութօղլուի, ամբողջ աշխարհը եւ առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները գիտեն, թէ Թուրքիա չի գործեր ճնշումի տակ։ Անգարան, հակառակ ստեղծուած տպաւորութեան, կը պահպանէ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց կարգաւորման համար անհրաժեշտ վճռակամութիւնը։ Կարգաւորման գործընթացի կիսուն եթէ Միացեալ Նահանգներէն եկող բացասական ազդեցութեան հետեւանքով գործընթացը տապալի, ապա ատոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի բարդուի Ուաշինկթընի վրայ», կը գրէ «Զաման»։
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 12-13ին կը պատրաստուի մեկնելու Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի մասնակցի նախագահ Պարաք Օպամայի գլխաւորութեամբ տեղի ունենալիք հիւլէական ուժանիւթի հարցերուն նուիրուած վեհաժողովին։ Այս այցելութեան ընթացքին Էրտողան-Օպամա անջատ հանդիպում մը կը նախատեսուի։
«Էրտողան-Օպամա հանդիպումը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա տեղի պիտի ունենայ նախքան Օպամայի Ապրիլ 24ի ուղերձը։ Կը սպասուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեան վաւերացման գործընթացը», կը գրէ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը:
«Անգարա կը սպասէ Օպամայի դիրքորոշման յստակացման։ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ներկայիս կը քննէ թուրք-ամերիկեան շահերու, Աֆղանիստանի մէջ համագործակցութեան, Իրաքէն ամերիկեան ուժերու Թուրքիոյ տարածքով հեռացնելու հնարաւորութեան եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարի առնչութեամբ երկխօսութեան հարցին մէջ՝ Թուրքիոյ ազդեցութեան մասին», կը նշէ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»։
Միւս կողմէ, իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն առջեւ, Երեքշաբթի օր ունեցած ելոյթի մը ընթացքին Էրտողան դարձեալ յոյս յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու տունը «պատասխանատու մօտեցում» կը ցուցաբերէ բանաձեւին կապակցութեամբ, եւ աւելցուց, թէ ինք վստահ է, որ Օպամա տրամաբանական քայլ մը պիտի առնէ՝ վնաս չհասցնելու համար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին:
Ներկայիս թրքական երկու պատուիրակութիւններ Ուաշինկթընի մէջ աշխատանք կը տանին. մէկը խորհրդարանի Արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճանի, իսկ միւսը՝ Թուրքիա-Ամերիկա միջխորհրդարանական բարեկամական խմբակի նախագահ Սուատ Քընըքլըօղլուի նախագահութեան ներքեւ։
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Հինգշաբթի, Մարտ 4ին պիտի քննէ Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.