ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան օդանաւերու արտադրութեան եւ ռազմական արդիւնաբերութեան գլխաւոր ընկերութիւններու ղեկավարները Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին առնչութեամբ միացեալ նամակով մը դիմած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընի՝ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրելով Միացեալ Նահանգներէն դէպի Թուրքիա արտածումներու ծաւալին վրայ։
«Պոյինկ», «Լաքհիտ Մարթին», «Ռէյթիոն», «Եունայթըտ Թեքնոլոճիզ» եւ «Նորթրոփ Կրամըն» ընկերութիւններուն կողմէ Պըրմընի յղուած նամակին մէջ կ՛ըսուի. «ՆԱԹՕի կարեւոր դաշնակից եւ առեւտրական գործընկեր համարուող Թուրքիան նեղացնելը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական շահերուն, ինչպէս նաեւ արտածումի ծաւալները ընդարձակելու ջանքերուն վրայ»։
Ամերիկեան աւելի քան 270 ընկերութիւններ ներկայացնող «Էյրոսփէյս Ինտասթրիզ Ասոշիէյշըն», անջատ նամակով մը դիմած է Պըրմընի՝ կոչ ուղղելով, որ նախքան բանաձեւի վաւերացումը ուշադրութիւն դարձնէ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ թուրք-ամերիկեան համագործակցութեան։