ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի Չորեքշաբթի, Մարտ 3ին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւ կը շարունակէ աջակցիլ այդ երկիրներուն՝ ոչ թէ անցեալին նայելու, այլ յառաջ շարժելու հարցին մէջ։
«Առաջին հերթին, զօրավիգ կանգնած ենք ներկայ գործընթացին, որ կը յուսանք պիտի հասնի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բնականոնացած յարաբերութիւններու հաստատման։ Եւ այդ գործընթացին մէջ, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը անցեալ շաբաթ ըսաւ, կը կարծենք, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի համար բաւարար միջոց կայ՝ տասնամեակներ առաջ պատահած պատմական իրողութիւններուն գնահատական մը տալու։ Ուստի մեր կարծիքը չենք փոխած, սակայն կը շարունակենք երկու երկիրներուն հետ բարձրաստիճան հանդիպումները եւ կը քաջալերենք զանոնք, որ անցեալ տարի Զուիցերիոյ մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները վաւերացնեն»։
Քրաուլի նաեւ նշած է, որ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործին մէջ յառաջխաղացքը երկու երկիրներու շահերէն կը բխի։ Ատիկա նաեւ շրջանին շահերէն կը բխի։ Զայն չենք կրնար իբրեւ զերօ գումարի խաղ դիտել, այլ խօսքով՝ մէկ կողմին նշանակած կէտը միւսին կորուստ է։ Ուստի, պիտի ըսեմ, թէ մենք կը շարունակենք բարձրաստիճան մակարդակի վրայ շփումները։ Գործընթացին մէջ համապարփակ եւ իրերայաջորդ կերպով ներգրաւուած է արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը, ինչպէս նաեւ անոր տեղակալներ Ճէյմզ Շթայնպըրկը, Պիլ Պըրնզը եւ Ֆիլիփ Կորտընը կապի մէջ են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ», նշած է Քրաուլի։