Հայապահպանութեան Նիւթով Դասախօսութիւն-Զրոյց Դամասկոսի Մէջ
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Համազգայինի հայ մշակութային կրթական միութեան «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանի «Ահարոնեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Ուրբաթ, 12 Փետրուարի երեկոյեան, հայատրոփ խումբ մը երկսեռ հայորդիներ հայապահպանման տենչը իբրեւ առօրեայ մտահոգութիւն ունենալով մասնակից դարձան այս նիւթով բանախօսութեան եւ իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները յայտնեցին այս մասին։
Բացման խօսքը արտասանեց «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչականներէն Վարանդ Մելքոնեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք շեշտը դրաւ հայապահպանման կարեւորութեան վրայ՝ սփիւռքահայ գաղութներու իրականութեան մէջ, ապա ներկայացուց Հալէպէն հրաւիրուած բանախօսը՝ Մատիկ Էպլիղաթեանը, որ ծանօթ է իբրեւ գրահրատարակիչ եւ մամուլի աշխատակից. ան միակ հայ անդամն է Սուրիոյ լրագրողներու միութեան մէջ եւ բեռնաւորուած է շուրջ 30 տարուան ազգային եւ միութենական կեանքին ծառայութեամբ։
Հայապահպանման բառի մասին առարկայական բացատրութիւն մը տալով՝ բանախօսը նախ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ ասիկա հայերէն լեզուի արդի բառարաններու մէջ միայն յիշատակուած նորաստեղծ բառ մըն է, որ արդիւնքն է Ցեղասպանութեան։
Տունը, դպրոցը եւ հայկական կեանքը հայապահպանման երեք գլխաւոր կռուաններ նկատելով՝ բանախօսը իւրաքանչիւրին մասին խօսեցաւ առանձնաբար, շեշտը դնելով այն արտաքին ազդակներուն վրայ, որոնք արգելակիչ դեր կը կատարեն հայապահպանման աշխատանքներուն: Ըստ բանախօսին, Սփիւռքի տարածքին ապրող հայ բեկորներու զգալի այլասերումը եւ անոնց անտարբերութիւնը մտահոգութեան առանցքը կը կազմեն ազգային մարմիններուն ու միութենական շրջանակներուն եւ այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի հայ ըլլալը ամէն բանէ առաջ եւ որեւէ գնով կ՛ենթադրէ կամաւոր եւ գիտակից յանձնառութիւններ՝ հայկական կեանքի շրջագիծին մէջ։
Բանախօսութեան աւարտին ներկաներուն հարցումներուն եւ տեսակէտներուն փոխանակումը ստացաւ կլոր սեղանի բնոյթ։ Ներկաները անդրադարձան հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման դէմ ցցուող դժուարութիւններուն։ Արդարեւ, իրարմէ շատ հեռու ապրող հայ ընտանիքներու փոխյարաբերութեան նօսրացումը պատճառ կ՛ըլլայ նոր սերունդի հայախօսութեան նուազեցումին եւ հայ արժէքներու հանդէպ անտարբերութեան։
Ուշագրաւ էին հայերէն լեզուի դամասկոսահայ վաստակաշատ ուսուցչուհի Արփի Պետիկեանի կատարած մէջբերումները եւ ներկայացուցած տեսակէտները, որոնք շուրջ յիսուն տարուան կրթական ասպարէզի ծառայութեան փորձառութեան արդիւնքն էին։ Ան շեշտը դրաւ հայախօսութեան, հայ գիրքի ընթերցումին եւ հայկական արժէքներու պահպանումին վրայ։
Սրտցաւ ազգայիններ լաւատես են նաեւ իրենց գաղութի ապագային նկատմամբ, երբ իր աւարտին պիտի հասնի Միացեալ համալիրի շինարարական աշխատանքները. Նշենք, որ համալիրը կը կառուցուի Դամասկոսի արուարձաններէն՝ Ճարամանա շրջանին մէջ, ուր վերջին տարիներուն հաստատուեցան բազմաթիւ հայ ընտանիքներ։
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ։