Յարգելի Պարոն Խմբագիր,
Կարդացի «Ասպարէզ»ի Փետրուար 24, 2010 թիւով հրատարակուած «Օրը Օրին» սիւնակով Ձեր՝ «Յիշենք Եւ Վերյիշենք» յօդուածը։
Գնահատելի կը գտնեմ մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ ամէն երեւոյթէ դրական արդիւնք սպասող Ձեր բարի մօտեցումը, ու կը ձայնակցիմ Ձեզի՝ ըստ արժանւոյն գնահատելու մեր բոլոր բարերարները։
Աշխատանքիս բերումով, իբրեւ եղելութիւններու իրազեկ անհատ, պարտք կը զգամ Սարգիս Պօղոսեանի պարագային ճշդում մը կատարել։ Հանգուցեալը բարի ու համեստ անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր կեանքի վերջին տարիներուն ամբողջ վաստակը նուիրեց ազգային կառոյցներու, որոնց կարգին՝ Ազգային առաջնորդարանին։ Այս առթիւ, Հոկտեմբեր 1993ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառին կողմէ եւ թեմիս առաջնորդ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի ձեռամբ ստացած է «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան, իսկ Յունիս 1996ին, Արամ Ա. վեհափառին կողմէ եւ ձեռամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, պարգեւատրուած է «Կիլիկեան Իշխան» բարձրագոյն շքանշանով։
Բարերարին մահէն ետք, տարիներ շարունակ Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւններով յարգած է հանգուցեալին յիշատակը, իսկ վերջերս, թեմիս բարեջան առաջնորդը առաջնորդարանիս մատրան անուանակոչութեան օրը, թեմիս համայն բարերարաց կարգին կը յիշատակէ բոլոր բարերարները ու յարգանքի տուրք կը մատուցէ անոնց։
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
ՔՆԱՐ ԳՈՐԴՈՇԵԱՆ
————————————————————————————————————————
Ինչո՞ւ Չորդեգրենք Ճիշդը
Իւրաքանչիւր մարդ, անկախ իր ընտրած մասնագիտութենէն, ունի նաեւ իր նախասիրած զբաղմունքը…
Մէկը կը սիրէ զբաղիլ լեռնագնացութեամբ, միւսը՝ կը հաւաքէ դրոշմանիշեր, մէկ ուրիշը կը սիրէ զբաղիլ բոյսերով եւ քարերով, եւ ինչո՞ւ չէ՝ կան մարդիկ ալ, որոնք կը սիրեն թռչուններ պահել՝ անոնց տրամադրելով պահպանիչ վանդակներ…
Սակայն, իմ նախասիրած զբաղմունքը դեռեւս պատանեկան տարիքէն եղած է ընթերցանութիւնը: Շատ կը սիրեմ կարդալ գեղարուեստական, պատմական, մասնագիտական եւ այլ գրութիւններ: Երբ կը կարդամ գեղարուեստական պատմական ստեղծագործութիւններ, կը մխրճուիմ ներկայացուած երեւոյթներու մէջ, մասամբ կ՛ուրախանամ, երբեմն ալ կը հպարտանամ՝ հերոս կերպարի մը յաղթանակով, մասամբ ալ կը տխրիմ: Ուստի, ինչպէս նշած եմ իմ նախաբանիս մէջ, շատ հետաքրքրուած եմ նաեւ մասնագիտական յօդուածներով, յատկապէս, երբ անոնք կը վերաբերին մեր մայրենիին:
Այստեղ կ՛ուզեմ յիշեցնել իմ սիրելի ընթերցողներուն, թէ ես ո՛չ լեզուաբան եմ, ո՛չ ալ հայագէտ, կամ ուսուցիչ: Պարզապէս, հազարաւոր հայ ընթերցողներու նման կը մտահոգուիմ, երբ մասամբ հայկական դասական ուղղագրութեամբ գրուող թերթերու մէջ որոշ ուղղագրական կոպիտ սխալներու կը հանդիպիմ: Օրինակ՝ Յետագայ-բառին գործածութիւնը՝ Հետագայ-ի փոխարէն, կամ հակառակը:
Ինծի եւ բազմաթիւ ընթերցողներու համար, անշու՛շտ, անհասկնալի էր, թէ յարգելի յօդուածագիրը ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր վերոյիշեալ բառերու նշանակութեան մասին: Արդեօ՞ք ան ըսել կուզէր՝ հետը, միասին եկած, թէ՝ յետոյ, ապագային, որ պիտի գայ…
Վերջապէս, երբ կարդացի յօդուածագիրին նիւթը ամբողջութեամբ, պարզուեցաւ, որ յարգելի գրողին միտքը՝ «յետոյ» է:
Ուստի, խնդրանքս է մասամբ, դասական ուղղագրութեամբ յարգելի գրողներուն, որ խիստ ուշադրութեամբ մօտենան բառերու ուղղագրութեան:
Ժամանակին, այս երկու բառերու յստակ բացատրութեան եւ ուղղագրութեան անդրադարձեր են հայագէտ լեզուաբաններ Ստեփան Մալխասեանը եւ Հրաչեայ Աճառեանը, բացատրելով զայն՝ Հետ=հետը, միասին, միատեղ իմաստով, Յետ=յետոյ, ետքը, ապագային գալիքի իմաստով:
Ուրեմն, ընդունինք այս ճշմարտացի բացատրութիւնը եւ ջանանք օգտագործել զայն՝ ճիշդ մեկնաբանութեամբ:
Հարկ կը համարեմ նշել, որ սոյն գրութեամբ ներկայացուցի միայն երկու բառերու իմաստն ու ուղղագրութիւնը, սակայն, դեռեւս անթիւ են սխալ իմաստներով եւ սխալ ուղղագրութեամբ ներկայացուող նիւթերը:
Յոյսով եմ, որ ապագային այդպիսի սխալներ չեն կրկնուիր:
ՊՕՂՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ