ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Շուէտի մէջ ժողովրդականութիւն վայելող Սոցիալ-դեմոկրատներու քաղաքական կուսակցութիւնը հանդէս եկած է յօգուտ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի մը ընդունման: Այս մասին կ՛իմանանք Շուէտի հայկական միութեան (UAAS) կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ:
Ցեղասպանութեան բանաձեւը Շուէտի խորհրդարան կը ներկայացուի այսօր՝ Մարտ 11ին, եւ պիտի առաջադրուի քուէարկութեան համար: Հաղորդագրութեամբ յայտնի կը դառնայ, որ փաստաթուղթը ճշգրիտ պատճէնն է այն հին գրութեան, որ նոյն խորհրդարանին ներկայացուած էր 2008ի գարնան, երբ ճնշող մեծամասնութեան ազդեցութեան տակ խորհրդարանը մերժած էր 1915ի ջարդերը իբրեւ Ցեղասպանութիւն հռչակելը:
«Իր յանձնարարականին մէջ Շուէտի խորհրդարանի Արտաքին գործերու կոմիտէն ներառած է երկու փոփոխութիւններ, որոնք կատարուած են Լիպերալ, Քրիստոնեայ-դեմոկրատական եւ Կեդրոնական կուսակցութիւններուն կողմէ»:
Բոլոր կուսակցութիւնները՝ բացի Չափաւոր կոալիցիոն կուսակցութենէն («The Moderate Coalition Party»), որուն անդամն է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քառլ Պիլթտը, պատրաստակամութիւն յայտնած են Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու», նշուած է UAAS-ի հաղորդագրութեան մէջ: