ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Սուատ Քըրըքլըօղլու, ՆԱԹՕի մէկ ժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան մեկնելէ առաջ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի որդեգրման՝ նշած է. «Եթէ մենք նոյնիսկ հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնենք, Հայկական Սփիւռքը պիտի շարունակէ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը։ Սակայն, կը կարծեմ, որ արձանագրութիւններու վաւերացումէն եւ սահմաններու բացումէն ետք նման բանաձեւեր այլեւս չեն յայտնուիր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ»։
Քըրըքլըօղլու, որ նաեւ Թուրք-ամերիկեան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահն է, յայտնած է, որ Թուրքիա պէտք է աւելի աշխոյժ դեր ստանձնէ հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան կարգաւորման մէջ:
Իր կարգին, թուրք յայտնի վերլուծաբան եւ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի գլխաւոր խմբագիր Մեհմետ Ալի Պիրանտ, անդրադառնալով բանաձեւի վաւերացման՝ կը գրէ, որ Թուրքիան յաւելեալ բացասական զարգացումներէ կրնայ խուսափիլ՝ վաւերացնելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները: Ըստ անոր, արձանագրութիւնները նպաստաւոր են ոչ թէ Երեւանի, այլ Անգարայի համար: «Ասոր վառ օրինակը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութիւնն էր։ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը մինչեւ օրս 7 անգամ քուէարկութեան դրուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի տարբեր յանձնախումբերու մէջ, եւ ունեցած է մեզի համար բացասական ելք։ Սակայն այս վերջին քուէարկութեան ժամանակ տարբերութիւնը շատ մօտ էր։ Թուրքիան առաջին անգամ ըլլալով ստացաւ 22 քուէ։ Թուրքիոյ աջակցող քոնկրեսականներուն մեծ մասը, հաւատալով հանդերձ Ցեղասպանութեան փաստին՝ յայտարարեց, որ բանաձեւի վաւերացումը կրնայ վնասել կողմերուն միջեւ բանակցութեանց։ Այսինքն, եթէ արձանագրութիւնները ստորագրուած չըլլային, յանձնախումբին մէջ քուէարկութեան ժամանակ հայերը աւելի շատ քուէներ պիտի հաւաքէին»։
Ըստ Պիրանտի, Ցեղասպանութեան բանաձեւին ճնշումներէն խուսափելու միակ ելքը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումն է: «Այլընտրանք գոյութիւն չունի», եզրակացուցած է ան:
Zhamanak hasav mer tavajaneroon vor taghen
inch vor mechdegh perin AHRELI AHAZANKE
HYE ZHOGHOVOORTIN KELKHOON
ASHKHADANK GE BAHANCHEVI
HYE GAMAVORNEREN VOR TAGHEN
ANITSYAL PROTOCOLNERE TEVOYCH
MER ZHOGHOVOORTIN ORERE KHAVARIN
BIDI TURK TESHNAMIYIN PERMAMP