ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հաւատքը պաշտպանելու իբրեւ խորհրդանիշ, քրիստոնէական գրականու-թեան մէջ, անցնող դարաշրջաններուն, օգտագործուած է «Հաւատքի Վահան» բացատրութիւնը: Հայ Եկեղեցւոյ շարականագիր սրբազան վարդապետներն ալ նոյն բացատրութիւնը օգտագործած են յատկապէս մեր եկեղեցւոյ հաւատքը ի գին ամէն զոհողութեան պաշտպանած սուրբերու անուններուն դիմաց իբրեւ պատուանուն, որոնց հաւատքին շնորհիւ այսօր կանգուն է Հայ Եկեղեցին: Նոյն բացատրութեան առընթեր, կը գործածուի նաեւ «Յոյսի սիւն» արտայայտութիւնը: Ասոնք քրիստոնէական գրականութեան բառամթերքին մաս կը կազմեն, որոնք այնքան ճոխացուցած են վերոյիշեալ գրականութիւնը, եւ պատկերաւոր ոճով ներբողներ հիւսած Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբերուն անընկճելի հաւատքը գովերգելով:
Պատկերաւոր այս բացատրութիւնները, բնականաբար, նմանութիւններով կը ստեղծէին հեղինակներ: Այսպէս, երբ յոյսը սիւնի կը նմանցէին, կը նշանակէ թէ քրիստոնէական կեանքին մէջ անոր կու տային այն կարեւորութիւնը, ինչ որ է սիւն մը նիւթական որեւիցէ կառոյցի մէջ: Կամ, երբ հաւատքը կը նմանցնէին վահանի, կ՛ուզէին քրիստոնեայ հաւատացեալներու ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ ինքնապաշտպանութեան գործիքին վրայ, որ այնքան էական է պատերազմի դաշտին վրայ:
Քրիստոնեայ հեղինակներ, առհասարակ քրիստոնէական կեանքը կը ներկայացնեն իբրեւ պատերազմ ու պայքար չարին դէմ, որ միշտ պատրաստ է տապալելու Քրիստոսի Աւետարանին հետեւորդները:
Այդ ժամանակաշրջանին, երբ պատկերաւոր այդ ոճը կ՛օգտագործուէր, շատեր բանակային ծառայութեան մէջ եղած էին, եւ ունեցած իրենց սեփական վահանները: Անոնցմէ շատերուն կեանքը փրկուած էր ստոյգ մահէ, երբ նետերու տարափը եկած ու կտկտալով զարնուած էր այդ մետաղեայ կիսակամար պահպանակին, ու սահելով իրենց ոտքերուն քով ինկած: Հետեւաբար, անոնք ինչքա՜ն շնորհակալ պէտք էր եղած ըլլային այդ պատերազմական գործիքը հնարած անձին, եւ ինչքա՜ն խնամքով կը պահէին վստահաբար, իրենց երկրորդ կեանք շնորհող այդ մետաղը: Այնքան կը գնահատէին զանիկա, որ նոյնիսկ անոնք չէին զգար անոր ծանրութիւնը, ու իրենց սուրին հետ անպայման կը կրէին զայն:
Անշուշտ քրիստոնէական առաջին դարաշրջանին տակաւին չէր եղած հովա-նոցի գիւտը, այլապէս, վստահաբար զայն ալ իբրեւ նմանութիւն պիտի օգտագործէին սրբազան հեղինակներ, այս անգամ մարդը թէ՛ անձրեւէն, թէ՛ արեւէն եւ թէ հովէն պաշտպանող իբրեւ միջոց մը, ինչպէս իրեն տրուած անունէն իսկ կ՛երեւի:
Այս գրութեան առիթ ընծայեց պատմուածք մը, զոր կարդացի քրիստոնէական բարոյալից պատմութիւններու մատենաշարի մը մէջ:
Երկրի մէջ երաշտ կը պատահի: Անձրեւները կարծէք անվերադարձ կը հեռանան, իսկ բնակիչները կը կորսնցնեն այդ աղէտէն վերապրելու յոյսը: Երբ կացութիւնը աւելի կը վատթարանայ, փոքրիկ գիւղի մը հոգեւոր հովիւը կոչ կ՛ուղղէ ամէն գիւղացիներուն, որպէսզի որոշեալ ժամուն, ամէն ոք ճշդուած ընդարձակ ցորենի դաշտը գայ, իր աղօթքով մասնակից դառնալու համար անդաստանի արարողութեան:
Մինչեւ այսօր, մեր եկեղեցին ալ կը կատարէ այս արարողութիւնը, գլխաւոր տօներու առիթով, եկեղեցւոյ ատեանին մէջ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, երբ խմբովին դէպի Արեւելք, Արեւմուտք, Հիւսիս ու Հարաւ դառնալով, կ՛օրհնենք երկրի չորս ծագերը, առատ պտղաբերութիւն մաղթելով բոյսերուն եւ տունկերուն:
Պատմուածքին մէջ յիշուած հոգեւոր հովիւը կը խնդրէ նաեւ իր գիւղացիներէն, որ իւրաքանչիւրը իր հետ բերէ խաչ մը, սրբապատկեր մը, եւ կամ հաւատքի այլ առարկայ մը, որուն նկատմամբ մեծ յոյս կը տածէ՝ իբրեւ խնդրակատար իր:
Որոշուած ժամուն ամբողջ գիւղը իր մեծով ու փոքրով կը հաւաքուի ընդարձակ դաշտին մէջ: Ոմանք իրենց հետ բերած էին վիզէ կախուող զարդախաչեր, կաթոլիկ դաւանանքի պատկանողներ՝ վարդարաններ, ուրիշներ՝ Երուսաղէմէն բերուած մոմեր, սրբապատկերներ եւ այլ նուիրական իրեր:
Երաշտէն ճաթռտած հողաշերտին վրայ հազիւ քալող ժողովուրդը միասնաբար կ՛աղօթէ Աստուծոյ, որ խնայէ իր ստեղծած մարդկութեան, ու անձրեւ տեղացնելով ոռոգէ պապակած դաշտերն ու այգիները, որպէսզի կարենան շարունակել իրենց կեանքը:
Հոգեւոր հովիւը անդաստանի արարողութիւնը հազիւ աւարտած, երբ երկու խօսքով նաեւ իր գնահատանքը կ՛արտայայտէր իր կոչին ընդառաջ դուրս եկած ժողովուրդին, մանաւանդ գնահատելով իրենց հաւատքի խորհրդանիշ եղող առարկաները իրենց հետ բերած ըլլալու երեւոյթը, յանկարծ երկինքը կը սկսի կաթկթել: Ուրախութեան աղաղակները կը բազմանան, մանաւանդ երբ քիչ ետք յորդառատ անձրեւը ո՛չ միայն կ՛ոռոգէ դաշտերը, այլ իր առատութեամբ լճակներ կը սկսի կազմել դաշտերուն մէջ: Այդ բազմութեան մէջ կար 9 տարեկան աղջնակ մը, որ իր հետ խաչ կամ այլ առարկայ չէր բերած, այլ բերած էր հովանոց մը.: Անձրեւ հազիւ սկսած, աղջնակը կը բանայ իր հովանոցը: Հոգեւոր հովիւը ամբողջ բազմութեան մէջէն նշմարելով հովանոցը, իր մօտ կը կանչէ աղջնակը եւ կը գնահատէ անոր հաւատքը:
Իր գիւղի հոգեւոր հովիւին կոչը լսելով դաշտ եկած այդ աղջնակը, ամբողջական վստահութիւն ունէր Աստուծոյ վրայ, թէ՝ Ան պիտի տեղացէ այդ պահուն անձրեւը, լսելով իրենց աղերսալից աղօթքը:
Այս վստահութիւնն է որ յաճախ կը պակսի այսօր քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ: Մանկական հաւատք կը պահանջէ մեզմէ Քրիստոս: Այն հաւատքը, որ բնա՛ւ չի կասկածիր: Մանանեխի հատիկի չափ հաւատքն իսկ բաւարար կը նկատէ Ան, լեռներ տեղափոխելու, կամ անկարելի գործեր իրականացնելու համար:
Պատմուածքին մէջ յիշուած հովանոցը, պատահաբար դարձաւ մէկու մը անմեղ հաւատքը արտայայտող պարզ իր մը: Մեր հոգիին մէջ շատ աւելի արժէքաւոր «իրեր» դրած է Աստուած, որոնք կրնանք օգտագործել իբրեւ մեր հաւատքի խորհրդանշաններ: Ի՞նչ իմաստ ունի, անձրեւը տեսնելէ ետք տուն երթալ ու հովանոց փնտռելը: Սկիզբէն իսկ ամբողջական վստահութիւն պէտք է ցուցաբերել Աստուծոյ ամենակարող զօրութեան վրայ, եւ ըլլալ հաւատացեալ եւ ո՛չ թէ անհաւատ, ինչպէս պատուիրեց Տէրը իր աշակերտներէն Թովմասի:
Հաւատքը սնուցման կարիք ունի: Անիկա մեր հոգիին մէջ ծլած փոքրիկ տունկ մըն է, զոր Աստուած մեր ծնած իսկ պահուն ցանած է մեր մէջ: Մե՛նք ենք այդ տունկին խնամատար պարտիզպանները: Եթէ ամբողջական վստահութիւն ունենանք Աստուծոյ վրայ, վստահ պէտք է ըլլանք, որ մեր տալիք ջուրը անոր, անպակաս պիտի ընէ Աստուած մեր ձեռքերուն գտնուող ցնցուղին մէջէն, եւ իր անձրեւը մի՛շտ պիտի տեղացնէ:
Արդ, հովանոցդ միշտ սկիզբէ՛ն ունեցիր ձեռքիդ մէջ: