ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ իր անցեալի մութ էջերը յամառօրէն ուրանալու քաղաքականութիւնը Թուրքիան անգամ մը եւս դրած է պաշտպանեալի աննախանձելի դիրքին վրայ, որուն հետեւանքով Թուրքիա վերադաձող դեսպաններուն թիւը սկսած է մտահոգիչ մակարդակի հասնելու, կը թուի, թէ Անգարա որոշած է կարգ մը քայլերու դիմել, առնուազն ներքին ճակատի վրայ կացութիւնը իր հակակաշռին տակ պահելու նպատկով:
Այս նախաձեռնութիւններէն մէկն էր Հինգշաբթի, Մարտ 11ին, Թուրքիոյ վարչապետի տեղակալ եւ պետական նախարար Պիւլենտ Արընչի հանդիպումը՝ Պոլսոյ զանազան կրօնապետներու հետ։
Հայոց պատրիարքարանէն կը մասնակցէր Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանը։ Ներկայ էին նաեւ յոյներու Պարթոլոմէոս պատրիարքը, հրեաներու Հալեվա խախամապետը, ինչպէս նաեւ ասորիներու, պուլկարներու ու այլ համայնքներու կրօնապետները, ընդամէնը 21 հոգի։
Պոլսոյ վարչապետական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, Արընչ անգամ մը եւս յայտնեց, թէ կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ՝ մօտ օրէն յոյներու Հէյպելիի դպրեվանքը բանալ կարենալու համար։
Եւրոպական Միութիւնը յատկապէս այս հարցով շարունակական ճնշում կը բանեցնէ Անգարայի վրայ:
Արընչ ըսաւ, որ կը հասկնայ, թէ յունական եկեղեցին հոգեւորականներ հասցնելու պահանջք մը ունի, բայց Թուրքիոյ օրէնքներուն մէջ կան կարգ մը արգելքներ, որոնք կը խոչընդոտեն դպրեվանքը բանալու ցանկութիւնները։
«Մենք մեր աւանդութիւններով ու մեր բարքերով կը նմանինք այս հողերուն վրայ հասնող եօթը գոյներով վարդին. այս գոյներէն մէկը եթէ պակսի, Թուրքիոյ մշակոյթը պակասաւոր կը մնայ», ըսաւ Արընչ՝ փորձելով սիրաշահիլ նոյն այդ փոքրամասնութիւնները, որոնք զգալիօրէն գունաթափ եղած են արդէն:
Երկու ժամ տեւած հաւաքին ընթացքին Արընչ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ փոքրամասնութիւններու կալուածներու նոր օրէնքին մասին, որուն շնորհիւ փոքրամասնութիւնները ցարդ դիմում կատարած են 1410 կալուածներ ետ ստանալու համար:
Դիմումները ներկայիս կը քննուին Վագըֆներու խորհուրդին կողմէ։
Ցարդ 96 կալուածներ վերարադարձուած են, իսկ 943 կալուածներու պարագային, երկու ամիս պայմանաժամ տրուած է, որպէսզի կարգ մը պակասներ ամբողջացուին։