ԼԵՒՈՆ ԷՍՔԻՃԵԱՆ
Սիրելի ընթերցող,
Գունազարդ «Ասպարէզ» օրաթերթի շաբաթ օրուան անգլերէն ու հայերէն միացեալ թիւերը կը հասնին Ֆրեզնօ նոյն օրը, եւ կը բաժնուին բոլորովին ձրի, հայկական բոլոր նպարատուներուն մէջ։
Այսպիսով, «Ասպարէզ»ը դարձաւ ներկայութիւն մեր գաղութին մէջ. մենք ալ, մեր կարգին, սոյն տեղեկատուութեամբ կը փորձենք մեր ընթերցողներուն իրազեկ դարձնել գաղութիս մէջ այլազան միութեանց ու կազմակերպութեանց՝ կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին, մէկ խօսքով՝ համառօտ տեղեկատուութիւն՝ Ֆրեզնօ քաղաքի ազգային, մարզական ու մշակութային կեանքէն։

* Կը սկսիմ Չորեքշաբթի, 3 Մարտէն, երբ շրջանիս Հայ կեդրոն փութացած էին տեղական պատկերասփիւռի կայանները՝ հարցազրոյցներ կատարելու եւ հանրութեան կարծիքը առնելու Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւի քուէարկութեան առիթով: Յիշեցնենք, որ տեղական մամուլը եւս, ինչպէս՝ «Ֆրեզնօ Պէյ»ը, լայնածաւալ յօդուածներ տրամադրած էին առհասարակ հայութեան մասին, եւ ի մասնաւորի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, նաեւ «Սի.Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանը մինչեւ ուշ գիշեր, իր լուրերուն թողարկումները կը սփռէր Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ վայրէն։
* Նախանցեալ շաբաթավերջը բոլորեցինք Հայ օգնութեան միութեան «Մայր» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթով. արդարեւ, այս հարիւրամեայ կազմակերպութիւնը, որ իր առաքելութիւնը սկսած էր Ֆրեզնոյէն հարիւր տարիներ առաջ, իր շուրջ համախմբած էր իր անդամներն ու համակիրները: Նախ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ննջեցեալ բոլոր ՀՕՄուհիներու յիշատակին, ապա Հայ կեդրոնի «Ասպարէզ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական տարազներու ցուցադրութիւն, գեղարուեստական յայտագիր եւ համադամ ճաշերու ու անուշեղէններու հիւրասիրութիւն՝ անշուշտ մեր փափկասուն կանանց ու մայրերուն կողմէ։

* Մնալով մշակոյթի ծիրէն ներս, «Համազգային»ի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի պարախումբը իր կանոնաւոր փորձերը կը կատարէ, Չարլի Քէյեան համագաղութային հայկական վարժարանին մէջ, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լուսինէ Յարութիւնեանի: Աւելի քան 20 անդամ հաշուող այս պարախումբը կ՛օգտագործէ արդի ոճ եւ երաժշտութիւն. ապագային լայնօրէն պիտի անդրադառնանք այս հեզաճկուն պարողներուն։
* Նոյնպէս Չարլի Քէյեան համագաղութային հայկական վարժարանին մէջ ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղը ձեռնարկած է պասքեթպոլի դասընթացքներու՝ ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, կ.ե. ժամը 3:15-4:30, իբրեւ մարզիչ ունենալով Վարդան Հեգիմեանը եւ Թամար Քէրքէզեանը։
Սկաուտական ժողովներն ու աշխատանքները նոյնպէս լայն թափով կը շարունակուին Հայ կեդրոնին մէջ, ամէն Կիրակի ժամը 12:30էն մինչեւ 3։
Նաեւ հսկայական աշխատանք կը տարուի Ապրիլ 17-18-19ին տեղի ունենալիք Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի պասքեթպոլի միջմասնաճիւղային մրցաշարքին ուղղութեամբ։
Եւ վերջապէս, այսօր տեղի կ՛ունենայ յեղափոխական երգերու երեկոյ՝ կազմակերպութեամբ Հ.Ե.Դաշնակցութեան «Գէորք Չաւուշ» ուխտին: Այսօ՛ր, որովհետիւ Մարտ 15, 1921ին, գաղութիս մէջ ննջած, բայց իր հոգին միշտ մեր վերեւ սաւառնող Սողոմոն Թեհլիրեանը զգետնեց Թալիաթ Փաշան, ճիշդ 89 տարիներ առաջ։ Վիրջին քանի մը տարիներուն, այս օրը շատ գեղեցիկ ու պատշաճ ձեւով կը նշուի գաղութիս մէջ, ուրեմն, սիրելինե՛ր, եկէ՛ք միասնաբար անցնենք այս յեղափոխական երգերու երեկոն Հայ կեդրոնին մէջ, ուր ելոյթ պիտի ունենայ յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը։
Եկէ՛ք սիրելիներ, միասնաբար վայելենք այս երեկոն ու վառ պահենք Թեհլիրեաններու կտակը։