Վերջին քանի մը օրերուն, թրքական մամուլին մէջ բազմաթիւ յօդուածներու մէջ ուշադրութիւնը հետաքրքրականօրէն կեդրոնացած է Հայկական Ցեղասպանութիւն ճանչցած երկիրներէն Թուրքիոյ դեսպանները տուն կանչելու Անգարայի սովորուրութեան վրայ՝ զայն նկատելով արտաքին քաղաքականութեան մէջ ոչ ազդեցիկ եւ ծիծաղելի քայլ մը:
Թուրք վերլուծաբան Չենկիզ Չանտար «Ռատիքալ»ի մէջ գրած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը արդէն հակակշռէ դուրս եկած է եւ «կորսնցուցած է իր պաղարիւնութիւնը»: Քննադատելէ ետք դեսպանները տուն կանչելու քայլը, ան կը գրէ. «Անհասկնալի, նոյնիսկ երեխայական հակազդեցութիւն է Էրտողանի Շուէտ կատարելիք այցը յետաձգելու որոշումը: Այսինքն, Շուէտէն նեղացա՞նք. Շուէտը Եւրոպական Միութեան մէջ Թուրքիոյ ամէնէն վստահելի բարեկամն է»:
«Այս ընթացքին, Սպանիոյ ինքնավար միաւորներէն մէկը՝ Քաթալոնիան, եւս 1915ի իրադարձութիւնները ճանչցաւ իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Լաւ է, որ այնտեղ հիւպատոսութիւն չունինք», եզրակացուցած է ան՝ յիշեցնելով Անգարայի, որ թուրք դեսպաններ կը շարունակեն պաշտօնավարել այն երկիրներուն մէջ, ուր ճանչցուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Դեսպանները տուն կանչելու հարցին անդրադարձած է նաեւ յայտնի մտաւորական Ֆաթիհ Չեքիրկէ, որ «Հիւրրիյէթ»ի մէջ հրատարակած է ցանկը բոլոր այն երկիրներուն, որոնք ցարդ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են, եւ եզրակացուցած է, թէ այս ցանկը «իրականութեան մէջ մոռացութեան ցանկ մըն է»։ Ըստ անոր, այս հարցին լաւագոյն մօտեցումը այս բանաձեւերուն անտեսումն է։ Ան նաեւ առաջարկած է ջնջել այն ծիծաղելի քայլարշաւը, զոր թուրքերը ամէն տարի կ՛ընեն Նիւ Եորքի պողոտաներուն վրայ։ «Մե՜ղք նաեւ այն միլիոնաւոր տոլարներուն, զորս Թուրքիա կը ծախսէ հայկական Սփիւռքին դէմ պայքարելու համար», կ՛եզրակացնէ ան։
Դարձեալ «Հիւրրիյէթ»ի մէջ, Հատի Ուլուենկին հարց կու տայ, թէ Թուրքիա որո՞ւն հետ պէտք է հաշիւ տեսնէ, Շուէտի՞, թէ իր պատմութեան հետ։ Ան կ՛ազդարարէ, թէ Թուրքիոյ վիճակը լաւ պիտի չըլլայ, եթէ «Թուրքիա իր գլուխը աւազին մէջ մտցնէ ջայլամի նման, եթէ չհասկնանք, որ ժամանակը եկած է, որ հաշիւ մաքրենք իթթիհատականներու հրոսախումբին կողմէ Թուրքիոյ ժառանգ ձգուած 1915ի «Մեծ Աղէտ»ին )Մեծ Եղեռն) եւ Թուրքիոյ պատմութեան միւս հարցերուն համար։ Եթէ ասիկա չընենք, մենք մեզի հետ ալ չենք կրնար հաշտուիլ, իսկապէս այնքա՛ն դժուար է հաշիւ մաքրել պատմութեան մը հետ, որուն բուն պատասխանատուները մենք չենք արդէն»:
Իր կարգին, յայտնի յօդուածագիր Ճան Տիւնտար, «Մեր բոլոր դեսպանները ե՞տ պիտի քաշենք» խորագրեալ յօդուածին մէջ Թուրքիան կը նմանցնէ այն մանուկին, որ «իր ընկերներուն կողմէ մեկուսացուած է, որովհետեւ անոր հայրը ոճիր մը գործած է. քանի կը մեկուսանայ, դիմացինները այնքան շատ կը յարձակին անոր վրայ, անոր հօրը չըրածներն ալ կը բեռցուին անոր ուսերուն վրայ։ Թուրքիան պաշտպանողներն իսկ չեն ըսեր, որ այս տղուն հայրը ոճիր չէ գործած, այլ պարզապէս կ՛ըսեն, որ այս տղան մեզի պէտք է»։
Տիւնտար կ՛աւելցնէ. «Թուրքիա առանձին կը մնայ եւ կը սկսի նմանիլ Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ կամ Ատրպէյճանի, որոնց համար ոճիրները կարեւոր բաներ չեն։ Այսինքն թաղամաս կը փոխէ։ Մեղք, որ այս բանաձեւերը կը զուգադիպին Հայաստանի հետ մերձեցման շրջանի մը։ Եթէ փրոթոքոլները վաւերացուած ըլլային, այս բանաձեւերը չէին վաւերացուեր։ Իսկ հիմա այնպէս կը թուի որ բանաձեւերուն վաւերացումը արգելք պիտի ըլլայ փրոթոքոլներու վաւերացման։ Նաեւ, կարծես Թուրքիա Ատրպէյճանն ալ կորսնցուց փրոթոքոլներուն պատճառով»։ Տիւնտար այսպէս կ՛աւարտէ իր յօդուածը. «Երբ այլեւս հասեր ենք Արեւմուտքի մեր բոլոր դեսպանները ետ կանչելու կէտին, ատենը չեկա՞ւ որպէսզի պրպտենք, թէ 95 տարի առաջ ի՛նչ աղտոտ գործի միջամուխ եղեր է մեր այն հայրը, որուն հայրութիւնը արդէն մերժեր ենք 87 տարի առաջ. ատենը չեկա՞ւ, որպէսզի հարց տանք, թէ՝ մենք ո՞ւր սխալ գործեցինք։
Վերջապէս, Ահմետ Ալթան «Թարաֆ»ի մէջ հարց տուած է. «Ինչո՞ւ թաքցնել կ՛աշխատինք այս սարսափելի յանցանքը. ինչո՞ւ կ՛աշխատինք այդ ոճրագործները պաշտպանել, ինչո՞ւ կը յօժարինք նուաստանալու ու նախատուելու, որպէսզի անոնց այս յանցանքը մէջտեղ չելլէ։ Այո, ինչո՞ւ մեր պապերուն հասցէին նախատինք կը նկատենք օսմանեան շրջանին հայերու դէմ կատարուած յանցանքներուն դատապարտումը»: