ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թրքական մամուլը անցնող շաբաթավերջին ուշխադրութիւնը կեդրոնացուցած էր այն կէտին վրայ, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Շուէտի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն վաւերացումէն ետք, կարգը կրնայ Բրիտանիոյ հասած ըլլալ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Երկուշաբթի, Մարտ 15ին Բրիտանիա մեկնեցաւ երկօրեայ այցելութեան մը համար, բրիտանացի պաշտօնատարներուն հետ խորհրդակցութեանց ընթացքին պիտի զգուշացնէ Լոնտոնը, որպէսզի նման բանաձեւի մը վաւերացման առիթը չտայ։
Էրտողան բրիտանացի իր պաշտօնակից Կորտըն Պրաունի հետ պիտի քննէ խորհրդարանի օրակարգին հասնելու հաւանականութիւն ունեցող Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը։
Նախքան բանաձեւի խորհրդարան ներկայացումը, անոր երկրորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 30ին։
Բանաձեւը, որուն գլխաւոր հովանաւորն է Աշխատաւորական կուսակցութենէն երեսփոխան Էնտրու Տիզմոր, առաջին անգամ ընթերցուեցաւ Յունուարին:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի վարչապետ Ֆրետրիք Ռայնֆելտթ Շաբաթ օր հեռաձայնած է Թուրքիոյ վարչապետին՝ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման առնչութեամբ ցաւ յայտնելու համար։ Թուրքիոյ վարչապետարանը Շաբաթ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ յայտնելով, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողան շուէտացի իր պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ պատմութիւնը պէտք չէ խորհրդարաններուն մէջ քաղաքականանայ։ «Շուէտի խորհրդարանի որոշումէն չափազանց յուսախաբ ենք», ըսած է Էրտողան։
Էրտողան նաեւ յայտնած է, թէ «Կ՛ակնկալենք, որ Շուէտի կառավարութիւնը դարմանէ խորհրդարանի որոշումին պատճառած վնասը»: