ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Asbarez.com համացանցային կայքը վերջին 10 ամիսներուն հիւրընկալած է աւելի քան մէկ միլիոն այցելու:
Անցեալ Մայիսէն սկսեալ, երբ բարեփոխութեան ենթարկեցինք մեր համացանցային կայքը եւ հրաւիրեցինք մեր ընթերցողները, որպէսզի այս գործընթացին մաս կազմեն՝ կայքին վրայ տեղադրելով իրենց կարծիքները եւս, այցելութիւններուն թիւը զգալի աճ արձանագրած է. քաջալերուած ենք մեր լուրերուն եւ յօդուածներուն մասին կարծիք արտայայտողներու բարձր թիւով:
Վերջին 10 ամիսներու իրադարձութիւնները, գլխաւորաբար՝ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անոնց շուրջ ծագած բազմաճիւղ զարգացումը, իրենց ներդրումը ունեցած են մեր կայքին նկատմամբ ստեղծուած յաւելեալ հետաքրքրութեան մէջ:
Կրնանք ըսել, որ ուրախութենէն աւելի համեստութին մը կը զգանք, թէ այսքան մեծ թիւով ընթերցողներ «Ասպարէզ»ը ընտրած են՝ իբրեւ իրենց ստանալիք տեղեկութեանց աղբիւր, եւ մենք ամէն օր կը փորձենք աւելի ծաւալուն տեղեկատուութիւն ապահովել, տարբեր տեսանկիւններէ ձայներ ապահովել, որպէսզի ամենավերջին տեղեկութիւնները հասցնենք ձեզի:
«Կուկըլ Էնելիթիքս»ի տուեալներուն համաձայն, երբ թերթը տպարան կը փոխանցէինք, Asbarez.com համացանցային կայք այցելողներուն թիւը հասած էր 1,001,276ի: Իւրաքանչիւրին այցելութիւնը ողջունելի է մեզի համար. կը սպասենք երկրորդ միլիոնին:
Շնորհակալութի