ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ Ուրբաթ, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ղարաբաղեան խնդիրով զեկուցող Կորան Լենմարքըր, Ղարաբաղը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու հարցին կապակցութեամբ յայտարարած էր, թէ Հայաստանի երկու նախագահներն ալ Ղարաբաղէն են եւ լաւ կը տիրապետեն հարցերուն, հետեւաբար՝ «Պէտք չէ աւելցնել հակամարտութեան կողմերը»:

Երէկ՝ Մարտ 15ին, «Հայեացք» ակումբին մէջ ԵԱՀԿ Երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Սերկէյ Կապինոս այս հարցին անդրադառնալով՝ յայտնած է. «Խորհրդարանական վեհաժողովը ԵԱՀԿի այն մարմինը չէ, որ կը զբաղի ղարաբաղեան խնդիրով: Այդ հարցին քննարկումը վերապահուած է Մինսկի խումբին, որուն մէջ գործող դէմքերը պէտք է պատասխանեն ղարաբաղեան խնդիրին հետ կապուած բոլոր հարցումներուն: Ես կրնամ կողմնակի դիտորդի դիրքերէն պատասխանել հարցին: Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման սկզբնական փուլերուն Ղարաբաղը իրապէս բանակցային կողմ եղած է: 1994ի զինադադարի արձանագրութիւնը ստորագրած են Ղարաբաղի ու Հայաստանի ներկայացուցիչները: Ատիկա քառակողմ փաստաթուղթ էր: Ու երբ նախագահ դարձաւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչը (Քոչարեանը-Խմբ.), ան սկսաւ ներկայացնելու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ղարաբաղի շահերը: Ու այնպէս պատահեցաւ, որ բանակցութիւններուն ձեւաչափը դարձաւ եռակողմ:
Թէեւ պէտք է դիտել տամ, որ երբ Մինսկի խումբը կ՛այցելէ տարածաշրջան, անիկա անպայման կը հասնի Ղարաբաղ, եւ Ղարաբաղի դիրքորոշումները անպայման հաշուի կ՛առնուին»:
Կապինոս աւելցուցած է, որ իր անձնական կարծիքով, «Վերջնական եզրակացութիւն չի կրնար ըլլալ, առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան, որովհետեւ կարելի չէ առանց Ղարաբաղի որոշում կայացնել: Կը կարծեմ, որ հետագայ հանգրուանի մը մէջ, այսպէս թէ այնպէս, ձեւաչափը պէ՛տք է փոխուի. հաւանաբար ա՛յդ նկատի ունէր ան (Լենմարքըր-Խմբ.):