
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արցախի մէջ գործող ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու եւ Հայաստանի կարօտեալ երեխաներուն համար խաղալիքներ ապահովելու համար, վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի արենոյշներու թիւ 5 խմբակը կրցած է ապահովել մեծ քանակութեամբ խաղալիքներ, որոնք արդէն իսկ փոխադրակառքերով Նիւ Եորք ճամբայ ելած են, որպէսզի Հայկական միացեալ հիմնադրամի յաջորդ թռիչքով Հայաստան տեղափոխուին:
Խաղալիքներու այս հաւաքին մէջ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ Ֆրեզնոյի ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտը, որ տարեկան աւանդութեան մը վերածած է այս ձեռնարկը՝ աջակցութիւնը վայելելով ՀԵԴի բոլոր ուխտերուն, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս արշաւներուն շնորհիւ, հաւաքուած եւ առաքուած են ոչ միայն խաղալիքներ, այլ նաեւ մանկապարտէզի ուսուցիչներուն համար տարազներ ու այլ պիտոյքներ: