ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր ընդհանուր ժողովը կատարած է Մարտ 7ին, Կլենտէյլի «Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Միութեան նախագահ Գրիշ Դաւթեան կատարած է ժողովին բացումը, որմէ ետք օրուան դիւանի անդամ ընտրուեցան Հրանդ Սիմոնեան՝ նախագահ, եւ Վարսիկ Յակոբեան՝ քարտուղար: Վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ընթերցած է վարչութեան փոխքարտուղար Ռ. Կորիւնը, իսկ դրամական հաշուեկշիռը ներկայացուցած է գանձապահ Կիմա Կիրակոսեանը: Կատարուած է նաեւ երկամեայ գործունէութեան քննարկում ու եղած են առաջարկներ: Նաեւ, վարչութեան ուղղուած են հարցումներ, որոնց պատասխանեց Գ. Դաւթեանը: Ժողովը գնահատելի գտաւ վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը: Փակ քուէարկութեամբ կատարուած է վարչութեան նոր կազմի ընտրութիւնը:
Մարտ 9ին, Ընդհանուր ժողովի դիւանին հրաւէրով, կայացաւ նորընտիր կազմին ժողովը, որ բաց քուէարկութեամբ կատարեց վարչական պաշտօններու բաժանումը՝ հետեւեալ ձեւով.
Նախագահ՝ Գրիշ Դաւթեան
Փոխնախագահ՝ Պօղոս Գուբէլեան
Քարտուղար՝ Գարուշ Հարեանց
Փոխքարտուղար՝ Ֆիրա Ակեան
Գանձապահ՝ Ռ. Կորիւն
Հաշուապահ՝ Ներսէս Տէր Մեսրոպեան
Խորհրդական՝ Գէորգ Քրիստինեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.