ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան տեղեկատուութեան բաժինի պետ Ցօղիկ Բեժանեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ Մարտ 1ի դրութեամբ աշխատանք կը փնտռէ 99,700 մարդ, իսկ այս թիւը, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, աճած է 4.8 տոկոսով:
Նշեալ թիւէն 83,600ը գործազուրկներ են, որոնց համեմատութիւնը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նոյնպէս աճած է 10.4 տոկոսով։ Տարեսկիզբին համեմատ, Մարտ 1ի դրութեամբ 0.2 տոկոսով աճած է գործազրկութեան մակարդակը՝ կազմելով 7.3 տոկոս:
Ըստ բաժինի պետին, «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն»ը կ՛աշխատի աջակցիլ աշխատանք փնտռողներուն, որոնցմէ 1557 հոգին, Մարտ 1ի տուեալներով, արդէն տեղաւորուած է աշխատանքի: Աշխատանքի տեղաւորուածներէն 392ը երիտասարդ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.