ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հրաւէրով, Մարտ 16ին երկօրեայ այցով Հայաստան ժամանած է Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը։
Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, երկու հովուապետերուն համար նախատեսուած են շարք մը այցելութիւններ եւ հանդիպումներ։
Մարտ 17ին Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը պիտի այցելելէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր Ծիծեռնակաբերդը, իսկ Մարտ 18ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը, որուն պիտի յաջորդէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Քիրիլ պատրիարքի համատեղ յայտարարութեան ստորագրութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.