ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շահան Նաթալի ընտանիքի հիմնարկը կազմակերպած է յայտնի մտաւորական, հեղինակ եւ գործիչ Շահան Նաթալիի ծննդեան 125ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 10ին, կ.ե. ժամը 2էն 4, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Լոս Անճելըս հանրային գրադարանի «Մարք Էյփըր» սրահին մէջ (630 W. Fifth St.):

Սոյն ձեռնարկէն առաջ, Սիլվա Նաթալի Մանուկեանի գլխաւորութեամբ շրջապտոյտ մը կազմակերպուած է, Լոս Անճելըսի կեդրոնական գրադարանի հայկական հարստութեանց ծանօթացման նպատակով: Շրջապտոյտը տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10էն 12:
Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղին մէջ ծնած Շահան Նաթալի, բուն անունով՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, որբացած էր 11 տարեկանին, Համիտեան ջարդերուն հետեւանքով: Ան ուսումը ստացած է Պոլսոյ «Պէրպէրեան» վարժարանին մէջ, ուր նաեւ ծնունդ առած է անոր գրական ասպարէզն ու համայնքային գործունէութիւնը: Ան չորս տարի իր ծննդավայրին մէջ ուսուցչութիւն կատարելէ ետք, 1904ին Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ՝ խուսափելով Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, որուն հետեւանքով ան կը խոստանայ իր կեանքը նուիրել հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Ան հրատարակած է զանազան թերթեր ու հեղինակն է բազմաթիւ յօդուածներու եւ հատորներու, նաեւ այցելած է հայկական Սփիւռքի զանազան համայնքները:
Դեկտեմբեր 1998ին, Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանի Հայ լեզուի եւ գրականութեան նուիրուած բաժինը կոչուած էր Շահան Նաթալիի անունով:
Ապրիլ 10ի ձեռնարկին մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.lapl.org համացանցային կայքը, իսկ տեղեր ապահովելու համար, դիմել Սիլվա Նաթալի Մանուկեանին՝
hyesearch@hotmail.com հասցէով: