ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Սամանիոլու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրք երիտասարդներ Հինգշաբթի, Մարտ 18ին հաւաքուած են Պոլսոյ Կալաթասարայ հրապարակին վրայ եւ խիստ քննադատութեան ենթարկած են վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը ու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդային կուսակցութեան հակահայ պատգամաւորները, մասնաւորաբար՝ Ճանան Արըթմանը, որոնք հայերը Թուրքիայէն արտաքսելու կոչեր կատարած էին:

Երիտասարդները բարձրացուցած են լուսանկար մը, ուր Թալիաթի գլուխին փոխարէն տեղադրուած է Էրտողանին գլուխը, իսկ անոր կողքին՝ Արըթմանը։ Նկարին մէջ Էրտողան կ՛ըսէ. «Հայերը Էրզրում-Կարս ճամբով ուղարկենք», իսկ Արըթման՝ «մերկ եւ ոտքով»։
Երիտասարդները նաեւ բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է. «Էրտողանը իթթիհատական դարձաւ», «Երիտասարդ քաղաքացիները անհանգստացած են»։
Երիտասարդներու անունով խօսք առած է Ճերեն Քենար եւ հեգնած է Էրտողանը՝ ըսելով. «2010ին յանձնախումբի մը կողմէ վաւերացուած որոշումին նման կերպով արձագանգած պետութիւնը 1915ին ի՞նչ կ՛ընէր։ 95 տարի նոյն պետական հակազդեցութիւնն է։ Թալիաթ փաշայէն մինչեւ Էրտողան փաշան քանի՞ վարչապետ անցած է։ Վարչապետին յայտարարութիւնները միջազգային իրաւունքին եւ խղճին կը հակասեն։ Թալիաթ ու Էնվեր փաշաներու դատապաշտպաննե՞րը դարձած ենք։ Մենք չենք ուզեր Թալիաթի, Էնվերի եւ միւսներուն կողմէ արեւելեան նահանգներուն մէջ հայերը կոտորողներուն թոռները ըլլալ, այլ կ՛ուզենք ըլլալ այն մարդկանց թոռները, որոնք հայերուն պահած են իրենց տուներուն մէջ եւ պաշտպանած՝ կոտորածներէն»։
Սակայն, աշխատաւորական հարցերու նախարար Էօմեր Տինչեր զօրավիգ կանգնեցաւ 100 հազար հայաստանցիները Թուրքիայէն հեռացնելու մասին Էրտողանի արտայայտութեան։ «Ասիկա լուրջ ազդարարութիւն մըն է Հայաստանի: Ասիկա կը միտի դիմացինին ըսել, որ եթէ դուք ալ զգայուն կեցուածք չցուցաբերէք, ապա մենք կրնանք գործածել մեր ունեցած խաղաքարտը», ազդարարեց նախարարը:
Իր կարգին, իշխող կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուներէն Սուատ Քընըքլըօղլու, որ վարչապետին հետ Լոնտոն գացած է, փորձեց մեղմացնել վարչապետին խօսքերուն ստեղծած տպաւորութիւնը՝ ըսելով, թէ վարչապետը պարզապէս յիշեցնել ուզեց, որ Թուրքիոյ մէջ փախստականներ կան ու Թուրքիա լայնախոհութիւն ցոյց կու տայ:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդային կուսակցութեան ղեկավար Տենիզ Պայքալ, իր կարգին, յայտարարեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնը վտանգաւոր է եւ կը հակասէ մարդկային տարրական իրաւունքներուն։ «Աշխատելու համար Թուրքիա ժամանած մարդկանց՝ որեւէ վէճի լուծման համար իբրեւ խաղաքարտ օգտագործելու ցանկութիւնը անընդունելի է», ըսաւ Պայքալ։
Պայքալ նաեւ ըսաւ, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները քննելու համար ինք խորհրդարանական նիստ մը պիտի պահանջէ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախկին նախարար Եաշար Օքույան, «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ այս յայտարարութեան համար մտադիր է դատական պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ վարչապետը։ Ըստ Օքույանի, Էրտողանի յայտարարութիւնը կ՛ապացուցէ, որ երկրին մէջ ապօրինի գաղթականներ կան, եւ կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ այդ խնդիրի լուծման ուղղութեամբ։
«Ռեֆերանս» թերթը, այս յայտարարութեան մասին կը կատարէ հետեւեալ հարցադրումը. «Եթէ այդ հայերը հեռանան, արդեօ՞ք պիտի լուծուի Ցեղասպանութեան հետ կապուած խնդիրները», իսկ «Հիւրրիյէթ» յօդուածագիր Եըլմազ Օկտիլ կը գրէ, թէ «Պէտք չէ թոյլ տալ, որ Թուրքիա վերածուի նացիստական Գերմանիոյ»։ Օկտիլ աւելցուցած է. «Ապացուցելու համար, թէ հայերը չենք հետապնդեր՝ զանոնք կը վտարենք։ Ապացուցելու համար, թէ տեղահանութիւն չենք ըրած՝ տեղահանութիւն կ՛ընենք։ Ատիկա ուղղակի զաւեշտ է»:
«Հիւրրիյէթ»ի այլ յօդուածագիր մը՝ Հատի Ուլուէնկին, հարց կու տայ, թէ վարչապետին ականջները բնաւ չե՞ն լսեր անոր բերանէն ելածները։ Ուլուէնկին քննադատեց վարչապետին այս յայտարարութիւնը եւ քննադատեց նաեւ երեսփոխան Ճանան Արըթմանը, որ նախապէս նախագահ Կիւլը «ամբաստանած էր» հայկական արմատ ունենալուն համար: Ան կը գրէ, թէ փախստական հայաստանցիներուն թիւը 100 հազար չէ, այլ հազիւ 5000 պէտք է ըլլայ, բայց նոյնիսկ եթէ ընդունինք վարչապետին թիւը, անոր կրնանք յիշեցնել, որ այսօր զանազան օտար երկիրներու մէջ այդ 100 հազարին բազմապատիկ անգամ թուրք փախստականներ կ՛ապրին:
Յայտնի քրոնիկագիր Մեհմետ Ալի Պիրանտը եւս խստիւ քննադատեց վարչապետը եւ անհասկնալի նկատեց անոր քաղաքականութիւնը՝ յայտնելով, որ այս պահուն, երբ ամէն մարդ Ցեղասպանութեան մասին կը խօսի, Թուրքիա նոր զէնք մը պիտի տայ անոնց: Անոնք պիտի ըսեն. «Թուրքերը, որ անցեալին մէկ միլիոն հայ սպաննեցին, հիմա աչք տնկած են հարիւրհազար աղքատիկ հայաստանցիներու հացին վրայ ու զանոնք եւս վտարել կ՛ուզեն»։ Պիրանտ կը յիշեցնէ, թէ նոյն վարչապետը, կարճ ժամանակ առաջ հայաստանցիներու նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը մեկնաբանած էր իբրեւ թուրք ժողովուրդին ազնուականութիւնը։
Իսկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը դիտել տուաւ, որ Էրտողանի այս խօսքը բնաւ հաճելի պիտի չթուի Եւրոպային:
Միւս կողմէ, թրքական մամուլը այս տագնապը կը փորձէ շահագործել՝ Թուրքիա գտնուող հայաստանցիներուն կարծիքները տպելով եւ պնդելով, թէ անոնք շատ լաւ վերաբերմունքի կ՛արժանանան հոն, ու դժգոհ են Սփիւռքին կողմէ Թուրքիոյ վրայ բանեցուող ճնշումներէն:
«Մենք ի՞նչ ըրինք. անոնց հարցը ամերիկահայերուն հետ է», ըսած է անոնցմէ մէկը:
Թղթակից մը կը նշէ, որ բազմաթիւ հայաստանցիներ խրտչելով՝ չեն ուզած պատասխանել իր հարցումներուն: