ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նոր շէնքի բացման առթիւ նուէրներ չեն ասոնք: Պարզապէս նուէրներ են թերթին, եւ թանկագին են:
Առաջին նուէրը, որուն մասին կ՛ուզենք ուրախութեամբ յայտարարել, Սերգէյ Չիչէքեան անունով 92ամեայ հայորդիի մը հարուստ գրադարանն է, զոր ստացանք անցեալ շաբաթ:
Հայաստանէն իրեն հետ բերած հազարաւոր գիրքեր, որոնց վրայ ան աւելցուցած է այստեղ ձեռք ձգած հազարներ եւս, պարոն Չիչէքեան պահած է աչքի լոյսին պէս, նոյնիսկ աչքի լոյսին գնով, նկատի ունենալով, որ արդէն ան գրեթէ զրկուած է տեսողութենէն:
Չիչէքեանի գրադարանէն «Ասպարէզ» շնորհակալութեամբ ստացաւ երկու հազար հայերէն գիրք: Նոր շէնքին մէջ, ներկայիս այսքան գիրք տեղաւորելու հնարաւորութիւն չունինք: Սակայն, ասկէ աւելի լաւ առիթ չի կրնար ըլլալ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները կատարելու եւ նախապատրաստուելու այլ նման անակնկալներու, որոնց մասին արդէն տեղեակ ենք ու կը յայտարարենք պատշաճ ժամանակին:
Երկրորդ նուէրը՝ Իրանէն ութ ամիս առաջ հասած է այստեղ, ու մէկ ամիս առաջ մտած խմբագրատուն, յանձինս պարոն Սայատ Բաբումեանի, որ ամէն օր, առաւօտեան ժամը ութէն մինչեւ երեկոյեան ժամը վեց, կամաւոր կերպով կ՛օժանդակէ մեր աշխատանքներուն:
Երրորդ նուէրը շատ ուշացած կը յիշատակենք: Անիկա Եդուարդ Աբէլեանի՝ «Ասպարէզ»ին ձեռք երկարելու մշտական պատրաստակամութիւնն է, ամէն անգամ, երբ իրեն կարիքը զգանք: Ամիսներով, երբ Մենարը (մեր աշխատակազմին մէջ գլխաւոր սրբագրողը) մայր ըլլալու համար արձակուրդի մէջ էր, Եդուարդը, միշտ կամաւոր կերպով, ամէնօրեայ թերթի հրատարակման հեւքին մէջ մտաւ ու փրկեց մեզ, ինչպէս անցեալին փրկած էր յատուկ թիւերու պատրաստութեան ընթացքին:
Մեր ամէնօրեայ ստացած միւս նուէրները կու գան մեր աշխատակիցներէն, որոնց անունները այստեղ եւս կ՛ուզեմ թուել:
Իրենց կամաւոր մտաւոր աշխատանքով «Ասպարէզ»ի հայերէն բաժինը կը հարստացնեն Սագօ Մահսէրէճեան, Պետրոս Ալահայտոյեան,Պօղոս Գուբէլեան, Գրիշ Դաւթեան, Թամար Թիւֆէնկեան-Սէրայտարեան, Ստեփան Թոփչեան, Օննիկ Հայրապետեան, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Սարօ Նազարեան, Կարօ Մոմճեան, Գրիգոր վրդ. Չիֆթճեան, Գէորգ Պետիկեան, Մասիս Արարատեան, Արմէն Տօնոյեան, Սարգիս Փանոսեան, Մարօ Քէշիշեան, Ռիթա Հինդլեան, Անոյշ Հովեան, Նուպար Տէմիրճեան, Կատիա եւ Վարդուհի Քուշէրեաններ, Սեդօ Պոյաճեան, Յովան Թաշճեան, Րաֆֆի Տուտաքլեան, Ռիթա Որբերեան, Ռուբինա Փիրումեան, Վաչէ Բրուտեան, Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, Արա Խանճեան, հայկական վարժարաններէն թղթակցութիւններ առաքող բոլոր ուսուցիչները եւ միութենական թղթակիցները: Շնորհակալութիւն բոլորին:
Յուսանք, որ Կիրակի օր կը տեսնենք զիրենք մեր շէնքի բացումին ու անոնց մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու առիթ կ՛ունենանք: Չմոռնաք, «Ասպարէզ»ին կեանք տուող աշխատակիցնե՛ր, յատուկ հրաւէր ունիք Կիրակի օրուան համար: Վստահ ենք, որ մեզի հետ մեր ընթերցողներն ալ պիտի ուզեն այստեղ տեսնել ձեզ, ծանօթանալ, զրուցել: