ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Մարտ 19ին Մոսկուա այցելող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ քննելով հիւլէական զէնքերը կրճատելու նոր համաձայնագիրի մը պայմանները, եւ միջազգային շարք մը այլ հարցեր:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, օրակարգի նիւթերէն մէկը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:
