ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Հաղորդուինք Եկեղեցւոյ Հայրերու Հոգեւոր Հարստութեամբ» ընդհանուր խորագրին տակ նոր մատենաշար մը հաստատուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ:
Քանի մը տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին միացեալ ջանքերով հաստատուեցաւ «Մատենագիրք Հայոց» մատենաշարը: Այսօր իբրեւ անոր մանրօրինակը, սոյն մատենաշարը կու գայ մեզ հաղորդ դարձնել եկեղեցւոյ հայրերու ժառանգ թողած հարստութեան, անոնց աստուածաբանական թէ մեկնաբանական թողօնին, որ այնքան ճոխ բովանդակութիւն ունի: Մատենաշարը լոյս կը տեսնէ մեկենասութեամբ «Սմբատ արք. Լափաճեան» հրատարակչական ֆոնտին:
Զանազան աղբիւրներէ քաղուած, գրաբար լեզուով մեզի հասած Հայրերու գրութիւնները մաս առ մաս աշխարհաբարի վերածելով՝ պիտի մատուցուին մեր ժողովուրդին: Յաճախ անոնց մէջ արծարծուած են այնքան այժմէական հարցեր, որոնք ուղեցոյց կրնան դառնալ այսօրուան հաւատացեալին:
Հայրապետին առաջնորդող օրհնութեան խօսքով կը բացուի սոյն մատենաշարը, ուր ան կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները հաղորդուելու Հայրերու աւանդով, որուն հէնքը եւ կորիզը Աստուածաշունչ Մատեանն է: Ի վերջոյ վեհափառը եկեղեցւոյ հայրաբանական գրականութիւնը կարեւոր աղբիւր մը կը նկատէ հաւատքի կենսագործման համար, ինչպէս նաեւ կենսական ուղեցոյց՝ քրիստոնէական կեանքի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան աշխատանքով, ցարդ չորս փոքրածաւալ հատորներ լոյս տեսած են՝ համաձայն մատենաշարի կազմին, քաջալերելու համար անոնց առօրեայ ընթերցանութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.