ԱՐՄԱՒԻՐ, «Հետք».- Ըստ Արմաւիրի մարզպետարանին փոխանցած տեղեկութիւններուն, վերջին օրերու ցուրտ եղանակին իբրեւ հետեւանք, ցրտահարուած են նշեալ մարզին մէջ ծիրանի բոլոր այգիները՝ շուրջ 3360 հեքթար, ինչպէս նաեւ շուրջ 350 հեքթար սալորի այգիներ: Մեծ են վնասները յատկապէս Արարատեան դաշտավայրի գիւղական տնտեսութիւններուն գծով:
Մարզպետարանը առ այժմ ՀՀ կառավարութենէն համապատասխան արձագանգի կը սպասէ, որպէսզի վնասին չափը գնահատելու համար ստեղծէ միջգերատեսչական յանձնաժողով մը:
Արարատի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան վարչութեան պետ Տիգրան Վիրաբեանի համաձայն, Արարատեան դաշտին մէջ ցրտահարուած է շուրջ 3700 հեքթար ծիրանի այգի, սակայն վնասներու վերջնական պատկերը պարզ կը դառնայ քանի մը օրէն, երբ յանձնաժողովները կ՛իրականացնեն առանձին ուսումնասիրութիւններ։
Նշենք, որ նոյնիսկ ուսումնասիրութիւններէն ետք, գիւղացիները ոչ մէկ ակնկալիք ունին, քանի որ բնական աղէտներու պարագային, կառավարութիւնը որեւէ ձեւով օգտակար չի դառնար անոնց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.