ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Ցեղասպանութեան 95ամեակի հանդիսութիւնները նախապատրաստող յանձնաժողովը Մարտ 22ին, ՀՀ կառավարութեան դահլիճին մէջ գումարած է իր առաջին նիստը՝ նախագահութեամբ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի: Վերջինս փոխանցած է, որ կառավարարական յանձնաժողովը նպատակ ունի Ապրիլ 24ը իրականացնել պատշաճ մակարդակով: «Նպատակայարմար է այսօրուանից սկսել Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նախապատրաստուելու աշխատանքները՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ կան գաղափարներ, որոնք պահանջելու են մեզանից մի քանի տարի: Մասնաւորապէս, բարձր մակարդակով գեղարուեստական եւ վաւերագրական ֆիլմեր նկարահանելու համար հասկանալի է, որ մեզնից շատ աւելի մեծ ջանքեր են պահանջուելու, անհրաժեշտ կը լինի աւելի մեծ գումարների ներգրաւուածութիւն ապահովել», յայտնած է վարչապետը եւ նշած, որ նախորդ տարիներու աւանդական տօնակատարութիւնները պիտի կայանան նաեւ այս տարի, եւ անոնց վրայ պիտի աւելնան ոգեկոչման նոր արարողութիւններ:
Յանձնաժողովի անդամները վարչապետին ներկայացուցած են իրենց առաջարկները, իսկ կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է առաջարկները ներկայացնել գրաւոր եւ ամբողջական ծրագիրով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.