ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մարտ 19ին հիւրընկալեց «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչները՝ միութեան պատուաւոր նախագահ, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ. անոնք նախարարութեան նուիրեցին դէպի հայրենիք կանչող՝ «Արի տուն» երգը։
Աղուան Յովսէփեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութիւնը այս բոլոր տարիներուն ընթացքին ունեցած է հիմնական մէկ ուղեցոյց՝ միասնութիւնը, որուն միտուած են իրենց բոլոր ծրագիրները։
«Մեզ հոգեհարազատ է պետական քաղաքականութիւն դարձած «Արի տուն» ծրագիրը։ Ինչ մեծ գաղափար ու գեղեցկութիւն, քաղաքականութիւն ու յուզմունք կայ այս երկու բառին մէջ», յայտնեց միութեան նախագահը։ Այնուհետեւ երգչուհի Լէյլա Սարիբեկեան կատարեց իր հեղինակած «Արի Տուն» երգը, որուն խօսքերը գրած է Սերգէյ Յարութիւնեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.