ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մարտ 22ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, թէ հայերը վտարելու մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռ. Էրտողանի յայտարարութիւնը լոյս սփռած է այդ երկրի իրական նպատակներուն եւ սկզբունքներուն վրայ:
«Բազմիցս ասել ենք, եւ Թուրքիայի վարչապետն էլ իր այդ խօսքերով եւս մէկ անգամ հաստատեց այն ճշմարտութիւնը, որ թուրքական մօտեցումը Հայկական հարցի նկատմամբ չի փոխուել: Կարծում եմ սա նաեւ պատասխան էր Հայաստանի այն քաղաքական գործիչներին, ովքեր յոյս ունէին, թէ իբր Թուրքիան քաղաքակրթուել է, նրա իշխանութիւններն առաջուանը չեն, ովքեր նետւում էին Թուրքիայի գիրկը՝ կարծելով, թէ սահմանների բացումը Հայաստանի զարգացման միակ երաշխիքն է: Մենք կարող ենք լինել ուժեղ եւ յաղթահարել մարտահրաւէրները, եթէ ազգովի մօտեցում ցուցաբերենք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործում», յայտնած է Արծուիկ Մինասեան, ըստ որուն, այս յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ օր առաջ պէտք է դուրս գալ հայ-թրքական բանակցային գործընթացէն:
«Թրքական իշխանութիւններն իրենց վարքագծով տուել են այդ բոլոր հնարաւորութիւնները: Եւ ինչքան շուտ դուրս գանք, այնքան մեր միջազգային հեղինակութիւնը աւելի բարձր մակարդակի վրայ կը պահենք», նշած է բանախօսը՝ աւելցնելով, թէ «Ակնյայտ է մէկ բան, որ այս արձանագրութիւններն իրենց բովանդակութեամբ, իրենց էութեամբ հակասում են մեր ազգային-պետական շահերին»:
ՀՅԴ պատգամաւորին խօսքով, ոչ ոք կրնայ հայկական կողմին ստիպել վարելու անհեռանկար «կարգաւորման» գործընթաց, ուր կողմերէն մէկը մնայուն կերպով սպառնալիքներով կը խօսի:
«Ես կարծում եմ, որ միջնորդ երկրների համար էլ էր անակնկալ Թուրքիայի վարչապետի յայտարարութիւնը, բայց նաեւ մեր դիւանագիտութիւնը, արտաքին քաղաքականութիւնը նրանց ուշադրութիւնը պէտք է հրաւիրեն այդ հարցին վրայ եւ վերահաստատեն, որ թուրքական քաղաքականութիւնը՝ կապուած Հայկական Հարցի, հայ էթնոսի հետ, չի փոխուել: Ըստ էութեան, Ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը թուրքական պետականութեան քաղաքականութիւնն է: Մեր քաղաքականութեան նպատակը պէտք է լինի միջնորդ երկրների ուշադրութիւնը կենտրոնացնել այդ հարցի վրայ», յայտնած է պատգամաւորը:
Ըստ անոր, ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման եղանակը, ձայներու յարաբերակցութիւնն ու քննարկման ընթացքը ցոյց տուած են, որ ստեղծուած են լրացուցիչ բարդութիւններ, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, եւ այդ դժուարութիւնները պայմանաւորուած են յատկապէս արձանագրութիւններուն առկայութեամբ: Պատգամաւորին կարծիքով, ակնյայտ է, որ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին ընթացքին, բանաձեւի հետագայ քննարկումը պիտի պահանջէ լրացուցիչ ջանքեր եւ գործողութիւններ՝ թէ՛ Սփիւռքի նախաձեռնութիւնները բազմապատկելու եւ թէ ՀՀ գործողութիւններու տեսանկիւնէն:
Միւս կողմէ, Մարտ 22ին կայացած այլ զրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետին յայտարարութիւնը մեկնաբանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան յայտնած է, թէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցի նախաշէմին ժամանակակից Թուրքիոյ հանրապետութեան իշխանութիւնները, խօսելով հայերու բռնի տեղահանումներուն մասին՝ կը շարունակեն առաջնորդուիլ ոչ թէ եւրոպական, այլ Օսմանեան կայսրութեան արժեհամակարգով։
Ա. Կիրակոսեան խորհուրդ տուած է Էրտողանին, որ Թուրքիա մեկնած հայերուն մասին խօսելու ժամանակ չմոռնայ աշխարհի տարբեր երկիրներ իրենց յանապազօրեայ հացը վաստակելու նպատակով մեկնած միլիոնաւոր թուրք գաղթականները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.