ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլ Կիրակի, Մարտ 20ին ջանաց արդարացնել Թուրքիա ապրող հայաստանցիներու մասին վարչապետին ըսածը, եւ այդ միջոցին Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը փորձեց բեռցնել հայերուն վրայ։
Կէօնիւլ ըսաւ, որ Անատոլուի մէջ հայեր ու թուրքեր աւելի քան հազար տարի համերաշխօրէն ապրած են, բայց 1878ին, երբ թուրքերը Հայաստանի մէկ մասը կորսնցուցին Ռուսիոյ դիմաց, ռուսերը քանի մը տարուան մէջ հայերը կազմակերպեցին, օգնեցին, որ հիմնուին ՍԴՀԿ ու ՀՅԴ կուսակցութիւնները, որոնք թուրքերու դէմ թշնամութիւն քարոզեցին։ «Վերջապէս, Ա. աշխարհամարտին, ռուսերն ու հայերը միասնաբար Անատոլուն գրաւեցին, հայերը անօրինակ զուլումներ գործեցին թուրքերուն դէմ: Հայերը սպաննեցին նաեւ այն հայերը, որոնք կը մերժէին իրենց միանալ։ Այն ատեն օսմանցիները, հայերուն կեանքը պաշտպանելու համար, զանոնք փոխադրեցին դէպի ապահով վայրեր, տեղահանուած հայերուն պահակներ տրուեցան, ճամբու ծախս վճարուեցաւ։ Բայց որովհետեւ հայերը իրենց հետ ունէին իրնց արժէքաւոր իրերը, ճամբան յելուզակներու յարձակումներուն ենթարկուեցան, թալանուեցան, սպաննուեցան։ Այսօր ո՛չ մէկը կը խօսի բոլոր այն թուրքերուն մասին, որոնք Անատոլուի մէջ սպաննուեցան հայերու կողմէ», ըսաւ նախարարը։
Միւս կողմէ, Հայ-թրքական խորհուրդի թուրք համանախագահ Քաան Սոյաք, մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնը՝ յայտնեց. «Մեր երկիրը ժամանած Հայաստանի քաղաքացիները ոչ մէկ տեղ կը թաքնուին. անոնց բնակութեան վայրը յայտնի է։ Անոնք այստեղ կ՛աշխատին իբրեւ հիւր եւ կ՛օգնեն Հայաստանի մէջ բնակող իրենց հարազատներուն: Անոնք մեր հիւրերն են։ Էրտողանի խօսքերը, որքան ալ լաւ իմաստով ըսուած ըլլան, ցաւօք, արտերկրի մէջ բոլորովին այլ կերպ ընկալուած են։ Այդ խօսքերէն ետք մեր հեռախօսները չեն լռեր։ Կը փորձենք բացատրել, որ անոնք սխալ ընկալուած են»:
Նաեւ, իսլամական «Բարօրութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Նուման Քուրթուլմուշը իր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին քննադատած է Էրտողանի սպառնալիքը՝ ըսելով. «Միթէ՞ այս հողերը բաց են անհագուրդ ախորժակ ունեցող կայսերապաշտներուն համար, իսկ կարիքաւոր հայերու համար փակ են։ Նման մօտեցում մեր քաղաքակրթութեան չի յարմարիր», նշած է ան՝ ակնարկելով Թուրքիա հաստատուած ամերիկեան ուժերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.