ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Հազարաւոր թուրք ցուցարարներ անցնող շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ մասնակցած են Պաղեստինի մէջ իսլամական սրբավայրեր սեփականացնելու եւ գրաւեալ հողերուն վրայ հրէական բնակավայրեր կառուցելու Իսրայէլի քաղաքականութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի քայլարշաւի մը։
Ցոյցին ընթացքին խօսք առնողները իսլամական բոլոր երկիրներուն կոչ ըրած են Երուսաղէմն ու Աքսայի մզկիթը պաշտպանելու: Ցուցարարները Պաղեստինի եւ պաղեստինեան դիմադրութեան շարժումներու դրօշակներ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մահ ցանկացող պաստառներ բարձրացուցած են: Անոնք նաեւ իսրայէլեան դրօշակ հրկիզած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.