Պատրաստեց՝ ԹԱԼԻՆ ԱՇԻՔԵԱՆ
Այս տողերը կը նուիրենք աշխարհի տարածքին օթիզմով հայ երախաներուն՝ անոնց սրտի կանչը լսելի դարձնելու համար։ Օթիզմը ուղեղային բնականոն ձեւով գործունէութեան խանգարում մըն է, որ հաղորդակցութեան կարողութիւնը կ՛արգելակէ կամ կը դժուարացնէ։ Օթիզմը ունի ծաւալուն դաշտ, թեթեւ աստիճանէն մինչեւ ծանրը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք օթիզմով քանի մը հայ երեխաներու միտքերը.
– Ն.- Ինը տարեկան եմ, կը յաճախեմ օտար վարժարան։ Շատ կը սիրեմ լողալ. գիտեմ գրել, կարդալ ու խօսիլ. շատ կը սիրեմ հարցումներ հարցնել ու հասկնալ ամէն ինչ. երգիծական մեծ տաղանդ ունիմ։ Կը սիրեմ իմ մեծ ու փոքր ընկերներս։ Շատ լաւ անգլերէն գիտեմ, քիչ մըն ալ հայերէն։
– Հ.- Ութ տարեկան եմ. կը յաճախեմ օտար վարժարան։ Շատ կը փորձեմ, բայց տակաւին չեմ կրնար խօսիլ. կրնամ կարդալ անգլերէն. դպրոցը կը խօսին միայն անգլերէն. տունը կը լսեմ նաեւ այլ լեզու մը, որ կարծեմ կը կոչուի հայերէն։ Շատ կը սիրեմ երգեր լսել. նախասիրած զբաղումս է համակարգիչի վրայ Արեւիկ խաղը խաղալ ու դիտել այն գեղեցիկ նախշերը, որոնք, կարծեմ, հայերէնի այբուբենն են:
– Է.- Տասներկու տարեկան եմ. տակաւին չեմ կրնար խօսիլ, բայց կը հասկնամ ամէն ինչ։ Երկու լեզու կը լսեմ. տունը՝ հայերէն, դպրոցը՝ անգլերէն. չեմ գիտեր, թէ ո՞րն է իմ մայրենի լեզուս, բայց տան մէջ լսածս աւելի գեղեցիկ կը հնչէ։ Դպրոցը արժանացայ համակարգիչի դասարանի մրցանակին. չեմ գիտեր, թէ այդ ի՞նչ կը նշանակէ, բայց գիտեմ, որ կապ ունի իմ համակարգիչ գործածելուս հետ. կը սիրեմ «you-tube» բանալ ու լսել աշխարհի տարբեր լեզուներով երգեր, յոյսով օր մը գտնել ու խօսիլ լեզուով մը, որ մատչելի ըլլայ ինծի համար։
– Յ.- Ութ տարեկան եմ. չեմ խօսիր. բայց շատ կը սիրեմ պտտիլ մօրս հետ, եւ նոր տեղեր տեսնել. միշտ նոր ընկերներ կու գան հետս խաղալու, բայց չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ բոլորը ինծմէ մեծ են։ Անոնցմէ ոմանք տունս կու գան, շատեր՝ դպրոցս. բայց ես կ՛ուզեմ տարեկից ընկերներ ունենալ եւ խաղալ մեր ուզած խաղերը։ Նախասիրած զբաղումս է հլուններով զարդեղէններ պատրաստել եւ նուիրել մեծ ընկերներուս։
– Մ.- Տասներեք տարեկան եմ։ Տակաւին չեմ խօսիր բայց կը հասկնամ ամէն ինչ։ Ծնած եմ Պարսկաստան. Հայ լեզուի արատաբանի եւ այլ հայ մասնագէտներու չգոյութեան պատճառով, ծնողքս զիս տարաւ Հայաստան: Վերջերս, չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ փոխադրուեցանք Ամերիկա։ Հայաստանի մէջ ապրեցայ ամէնէն ուրախ օրերս։ Այնտեղ ես գտայ ու հասկցայ մայր բնութեան լեզուն. այնտեղ կը հասկնայի ամէն քարի ու բոյսի, ամէն թռչունի ու միջատի լեզու։ Մօրս հետ շատ յաճախ կը մասնակցէի լեռնագնացութեան. բնութիւնը զիս կը կանչէր։ Երեւանի մէջ յաճախեցի յատուկ դպրոց, ուր զիս շատ օգնած են մայրենի լեզուով յատուկ դասաւանդութիւնները։ Դպրոցէն ետք կը մասնակցէի թենիսի, գծագրութեան եւ կաւագործութեան դասընթացքներու։ Շատ գեղեցիկ կը գծեմ։ Կը կարօտնամ հայրենիքս. հոն աւելի ուրախ էի. չեմ գիտեր, թէ ինչու չենք երթար հոն. կարծեմ ծնողքս լսած էր, թէ այստեղ՝ Ամերիկա, կրնան օգնել ինծի յատուկ մասնագէտներ, որպէսզի սկսիմ խօսելու. դժբախտաբար, ես արդէն ամիսներէ ի վեր կը յաճախեմ ամերիկեան վարժարան, ուր կը խօսուի նոր լեզու մը, ինծի համար շատ անծանօթ. ես իմ հայրենիքս կ՛ուզեմ, իմ մայրենի լեզուս կ՛ուզեմ լսել. կը կարօտնամ իմ ընկերներուս, բայց չեմ կրնար արտայայտուիլ։
Օթիզմի հայ օժանդակ մարմինը(ՕՀՕՄ) կը մաղթէ, որ օր մը պիտի կարենայ իրականացնել Մհերին եւ իր ընկերներուն երազը, որպէսզի անոնք եւս առիթ ունենան յաճախելու հայկական վարժարան ու թոթովել հայերէնով, աճիլ ու կրթուիլ հայ ընկերներու գուրգուրանքով։ ՕՀՕՄը հայ կամաւորներէ բաղկացած մարմին մըն է, որուն նպատակներէն է նեցուկ կանգնիլ օթիզմով հայ երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կրնաք այցելել armenianautismoutreach.org համացանցային կայքը, կամ հեռաձայնել (818) 542-AAOP թիւին: