Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի Արդի արուեստի թանգարանին (MOCA) մէջ տեղի ունենալիք հայազգի արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի ցուցահանդէսին նեցուկ կանգնելու նպատակով, Ուրբաթ, Ապրիլ 30ին, Կլենտէյլի «Պրենտվիու քըլլլեքշըն» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին թանգարանին պատասխանատուները ցուցահանդէսին եւ անոր ընկերացող այլ ծրագիրներուն մասին պիտի խօսին:

Մինչեւ Ապրիլ 20 ապահովուելու պարագային՝ մուտքի տոմսերուն արժէքը 50 տոլար է ընկերակցութեան անդամներուն համար, իսկ միւսներուն համար՝ 55 տոլար: Աւելի ուշ, տոմսերուն սակը 10ական տոլարով պիտի բարձրանայ:
Յունիս 6էն մինչեւ Սեպտեմբեր 20 կայանալիք ցուցահանդէսը 1981էն ի վեր մեծագոյնն է ամերիկեան արուեստը դէպի վերացապաշտութիւն առաջնորդած Կորքիի գործերուն համար: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Ֆիլատելֆիոյ, Լոս Անճելըսի եւ Լոնտոնի «Թէյթ» թանգարաններու համագործակցութեամբ:
Թանգարանը կը յուսայ, որ ամերիկեան արուեստի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային դեր ունեցած Կորքիի գործերուն նուիրուած սոյն ցուցահանդէսին միջոցաւ կարելի կ՛ըլլայ թանգարանին ու հայ համայնքին միջեւ կապերը սերտացնել: